image

232.000. Արտերկիր ապրող Լիբանանցիներ պիտի մասնակցին ընտրութիւններուն

   232.000. Արտերկիր ապրող  Լիբանանցիներ պիտի մասնակցին ընտրութիւններուն

 Լիբանանեան սփիւռքի մաս կազմող  232 հազար քաղաքացիներ պիտի մասնակցին յառաջիկայ տարի ՝ 2022 թուականին տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն։

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ    LBCI կայանէն։

 

 Աղբիւրը նշեց, որ մասնաւորապէս անցնող  ժամերուն  աւելի քան քսան հազար լիբանանցիներ  գրանցուած են  իրենց երկիրներու դեսպանատուներուն մէջ մասնակցելու համար գալիք ընտրութեանց։

 

 Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ վերջին տուեալներուն հիմամբ  ընտրութիւնները պիտի կայացուին  յառաջիկայ տարուան Մայիսին, եթէ արտահերթ դէպքեր կամ զարգացումներ չգրանցուին։

 

Նշենք,  որ   քուէարկողներու  այս թիւը վերջնական  չէ, որովհետեւ  յառաջիկայ  ժամերուն  լիբանանցիներ  դեռ  առիթ  ունին  գրանցելու իրենց անունները։