Ամերիկահայ մտաւորական դոկտ. Յակոբ Այնթապլեան կը գրէ՝
Հայաստան աշխարհացրիւ հայութեան ,Արցախահայութեան եւ Հայաստանաբնակներու հայրենիքն է։
Որպէս այդ ,Հայաստանի հանրապետութեան սահմանադրութիւնը պէտք է փոխուի եւ
Հայաստանի պետական կազմի մէջ պէտք է ներառնուին սփիւռքահայերն ու արցախահայութիւնը ։
1- Բոլոր ծնունդով միակողմանի կամ երկկողմանի սփիւռքահայերու Հայաստանի քաղաքացիութիւն տրամադրուի ։
2- Սփիւռքահայը բարձր պետական պաշտօն վարելու կամ պատգամաւոր ընտրուելու իրաւունք ունենայ մէկ տարի Հայաստան ապրելէ ետք ։
Իրաւունք ունենայ նախագահ կամ վարչապետ ընտրուելու երկու տարի Հայաստան կեցութենէ ետք ։
3- Ներկայ կառավարելու անկարող , պարտուած ,արժեզրկուած ,վարկազրկուած ,զիջումներու գացող ու հայրենատիրութիւն չկատարող վարչակարգը պէտքէ հրաժարի ու հեռանայ ։
4- Բոլոր 2018-ին պատերազմ հրահրող , անկազմակերպութեան պատճառ դարձող եւ պարտութեան նպաստող անձիք պէտք է դատուին ու պատժուին ։
5- 1991- ետք երկիրը կողոպտող , պետական ունեցուածքը իւրացնող , չարաշահող եւ հարստահարող անձիք որոնք անարդարօրէն եւ չարդարացուած հսկայական անձնական հարստութիւն դիզած են ներկայիս , մէկ տարուան մէջ արագ դատուին մասնաւոր կազմուած ժողովրդական ատեանի կողմէ եւ իրենց հարստութեան մեծամասնութիւնը գրաւուի եւ պետական գանձարան տեղադրուի:
6-Հայաստան գերարդի սպառազինուժ հայթայթէ ,որուն գնման ծախսը համահաւասար հոգան սփիւռքահայութիւնն ու Հայաստանի
պետութիւնը կամ երկիրը կողոպտողներու գումարէն տրամադրուի ։
7-Արցախի եւ Հայաստանի հողային ,սահմանագծային եւ այլ հարցեր, տանիլ միջազգային դատարան , հիմնուած միջազգային վաւերացուած պայմագրերու եւ վաւերաթուղթերու վրայ ,հիմք ընդունելով 1920- ի League of Nations-ի որոշումը ուր հաստատուած է Հայաստանի հողային տարածքի 162.000 ՔԿՄ ըլլալը եւ Վիլսոնեան իրաւարար վճիռը ,որով Հայաստանին կը տրուէր Վան ,Պիթլիս ,Կարին(Էրզրում)եւ Տրապիզոն նահանգներու մեծ մասը ,մօտաւորապէս 104.000 ՔԿՄ տարածք ։
8- Թուրք-Ատրպէյճանական շարունակական հայկական հողերու բզկտման , սադրիչ արարքներու դիմակայելու եւ հայրենատիրութիւն կատարելու համար Հայաստան-Արցախի մէջ ,Հայաստանի վարչակարգը ազգային ուղղութիւն պիտի ունենայ եւ սփիւռքը ներգրաւելով Հայաստանի կառավարման գործընթացի մէջ , միաձուլուած եւ բռնցքացած կարենայ դիմակայել այս երկու գիշատիչ եւ յանցագործ պետութիւններու նկրտումներուն :
9-Որքան կարելի է շուտ վերեւ նշուած քայլերը առնելէ ետք Արցախը միացնել Հայաստանին ։
Այսպիսով Հայերս կ՝ունենանք 162.000 ՔԿՄ հողատարածք եւ Ուիլսընեան Հայաստան ԱՄՆ-ի հովանիին ներքոյ որ կ՝ապահովէ այդ շրջանի անվտանգութիւնը ,երաշխաւորելով խաղաղ միջավայր ։
Որպէս արդիւնք աշխարհացրիւ հայութիւնը միաձուլուած , միջազգայնօրէն ընդունուած սահմաններով ,կ՝ունենանք ապահով Հայաստան աշխարհ որու սահմաններէն ոռնացող գորշ գայլն ու կաղկանցող բորենին կը հեռանան սանձուած ,ենթակայ միջազգային օրէնքի :
Ժամանակն է որ Հայաստանի վարչակարգի տիրացածներն ու որոշ ընդդիմադիր ուժերը
գերադասեն համազգային հայկական շահերը,եւ հրաժարին իրենց փառամոլութենէ , մեծամտութենէ եւ անձնական շահերէ եւ կատարեն անհրաժեշտ վերոնշեալ փոփոխութիւնները, վասն Հայութեան եւ Հայրենեաց ։
Ազգային համախմբումը , համերաշխութիւնը եւ համագործակցութիւնը մեր միակ փրկութիւնն է
այս Հայաստան եւ Արցախ ճգնաժամէն ազատելու համար