image
Հրատապ լուրեր:

20 Տարուան պատերազմէ ետք . Իրաք կը փորձէ ոտքի կանգնիլ

20 Տարուան պատերազմէ ետք . Իրաք կը փորձէ ոտքի կանգնիլ

Իրաքը, ցայսօր ալ կը շարունակէ համարուիլ «Պատերազմական օճախ», ոչ միայն անոր համար, որ Իրաքի գոյութիւն ունին քաղաքական «իրերամերժ» ուղղութիւններ, այլ մանաւանդ այն պատճառով, որ երկար տարիներու ներքին եւ արտաքին պատերազմներու մէջ խեղդուած երկիրը չկարողացաւ ուժեղ եւ տոկուն համակարգ մը հիմնադրել։

Ի դէպ այս օրերուն, Իրաքի շուրջ եւ մէկ կողմէ ալ Իրաքի համար ընթացող սուր պայքարը նոր ձեւափոխութիւններ կրնայ ստանալ մի քանի առանցքային պատճառներով։ 

 Նախ ամէն դրոյթ կապուած պիտի ըլլայ Իրան- Սէուտեան Արաբիա համաձայնութեան նոր փուլով, որ իր դրական շղարշը պիտի նետէ ամբողջ շրջանին վրայ։ 

 Մեծ հաշուով Եէմէնեան տագնապին առաջքը առնելու նպատակով եղած համաձայնութիւնը (Սէուտցիներու կողմէ առաջ քաշուող) ճիշդ է, որ ունի ներքին ծալքեր, որոնք այդքան ալ մեծ ներուժ մը կրնան չունենալ Իրաքի տագնապները լուծելու տեսակէտէն։ Բայց եւ այնպէս նոյն «գոնթէքսթ»ին մէջ կան լաւատեսութիւն ներշնչող կէտեր, որոնք անմիջականօրէն կապուած են Սիւննի-Շիիթ «լուռ հակամարտութեան» մեծ առանցքներուն հետ։ 

 Ու այստեղ է «թաղուած շան գլուխը» եւ հոս է նաեւ, որ կը ծագի մեծ հարցադրում։ Այս համաձայնութիւնը, արդեօք հետամուտ պիտի ըլլայ վերը նշուած հակամարտութեան համար նոր քարտէզներ գծելու կամ կանոններ հաստատելու։

 Ամէն պարագայի եթէ այսօր փորձենք արագ հայացք մը նետել Իրաքի ներքին կացութեան վրայ, ապա արագօրէն պիտի հասնինք այն համոզման, որ ներքին կտրուածքով Իրան ազդեցութեան մեծ լծակներ ունի Իրաքի մէջ։ Եւ գուցէ ստեղծուած այդ պատկերը մեզի տեղ մը համոզել պիտի տայ, որ եղած համաձայնութեան ընդհանուր պրիսմակին մէջ չի բացառուիր,որ Իրաք դառնայ դէպի Իրան դրամական հոսքեր ապահովելու եւ ինչու չէ նաեւ արաբական տնտեսական աշխուժութեան մը պատուհանը բանալու մեծագոյն հանգոյցը։ Անշուշտ այն յոյսով, որ Իրաքի համար կռիւ մղող միւս կողմերը (օրինակ Ֆրանսա, Միացեալ Նահանգներ կամ նոյնիսկ Ռուսաստան) հասկնան, որ Շիիթ-Սիւննի հակամարտութեան թէժ փուլը այսօր արդէն կը մնայ մեր ետին ու բացուած է համաձայնութիւններու եւ համագործակցութեան նոր ժամանակ մը։

 Այս բոլորէն առաջ սակայն եթէ փորձենք դիտարկել Իրաքի այսօրուայ պատկերը ապա պիտի նկատենք մեծ խնդիրներու եւ լարումներու հսկայ տոպրակ մը, որուն մէջ գոյացած են պայթիւնավտանգ մը քանի շերտեր։ 

 Իրաքի այսօրուայ վիճակին մասին յաւելեալ յստակ պատկեր փոխանցելու համար, ստորեւ կը ներկայացնեմ Ֆրանսական AFP գործակալութեան կողմէ օրերս «Ալ Նահար» պարբերականին մէջ լոյս տեսած վերլուծականը, որուն թարգմանութիւնը կատարուած է արաբերէնէ։

 

 Իրաքը՝ ժողովրդավար լիպէրալիզմի ճանապարհին 

2023 թուականն է եւ Իրաք տակաւին շատ հեռու է այն ժողովրդավարութենէն, զոր խոստացած էր Միացեալ Նահանգներու նախագահ՝ Ճօրճ Պուշ, երբ տապալեց երկրի այդ օրերու նախագահ՝Սատտամ Հիւսէյնը: Եղած գրոհումին արդիւնքով ՝ երկրին մէջ տիրեց արիւնալի հակամարտութիւններ, փտածութիւն, անկայունութիւն: Իրաք այսօր մօտ է Իրանին, որ ունի ակնյայտ ատելութիւն Ուաշինկթընի նկատմամբ:

Վելուծաբան, Քալիֆորնիոյ ծովային ռազմական հիմնարկի բարձրագոյն ուսման ռազմավարութեան եւ քաղաքականութեան դասախօս՝ Սամուէլ Հէլֆոնդ, France Press գործակալութեան տուած զրոյցին բացատրած է, թէ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմի յայտարարած նպատակը յստակ էր, երբ 20 մարտ, 2003-ին, իրաքեան անապատ ուղարկուած Միացեալ Նահանգներու եւ միջազգային դաշնակիցներու զինուած ուժերուն արձակուած էր հետեւեալ հրամանը՝ գրաւել Սատտամ Հիւսէյնի ռեժիմին պատկանող ենթադրեալ զանգուածային ոչնչացման զէնքերը։ Բայց այդ զէնքերը երբեք չգտնուեցան:

Ընդհակառակը՝ ակնթարթի մը մէջ տեղի ունեցաւ բռնապետին տապալումը, որ կ'իշխէր Իրաքին 1979 թուականէն ի վեր: Պուշ խոստացաւ «պարտադրել լիպերալ-ազատական ժողովրդավարութիւն», որպէս ռէժիմի այլընտրանք: «Սակայն Միացեալ Նահանգները ոչինչ գիտեր Իրաքի մասին», ըսած է Հէլֆոնդ:

Հէլֆոնդ շարունակած է «Անոնք չհասկցան ո՛չ իրաքեան հասարակութեան բնոյթը, ոչ ալ իրենց կողմէ տապալուած ռէժիմի բնոյթը»:

Իրականութեան մէջ, ներխուժումը դուռ բացաւ կարգ մը արիւնալի իրադարձութիւններու: 22 փետրուար, 2006-ին, Պաղտատի հիւսիսը գտնուող Սամարայի սրբավայրին վրայ յարձակումը սկիզբն էր համայնքներու միջեւ պատերազմի մը, որ տեւեց մինչեւ 2008:

Իսկ «Իրաքի պատերազմի զոհեր» կազմակերպութեան համաձայն, 2003-էն մինչեւ 2011, երբ ամերիկեան ուժերը քաշուեցան Իրաքէն, սպաննուած են աւելի քան 100 հազար իրաքցի քաղաքային անմեղներ եւ Միացեալ Նահանգներու անձնակազմէն մօտ 4500 հոգի:

Միւս կողմէ, Իրաքը ցնցող ամէնէն մեծ հարուածը եղաւ 2014-ի ամրան, երբ «Իսլամական պետութիւն»ը (ՏԱՀԷՇ կամ ԻՇԻՊ Խմբ.Ս. Ա.) կազմակերպութիւնը իր վերահսկողութեան տակ առաւ Իրաքի տարածութեան մօտաւոր 1/3-ը, այդ տեւեց մինչեւ 2017-ի վերջերը, երբ Պաղտատ կատաղի մարտերէ ետք ռազմական յաղթանակ հռչակեց այդ կազմակերպութեան դէմ, աջակցութեամբ Ուաշինկթընի կազմած եւ գլխորած «Միջազգային դաշնակից ուժեր»ուն:

 

Ժողովրդավարութեան ճամբուն վրայ

Վերջին երկու տասնամեակներու ընթացքին տեղի ունեցած իրադարձութիւնները յանգեցուցին փոփոխութեան իրաքեան հասարակութեան մէջ, որ յատկանշուած էր իր կրօնական եւ ցեղային բազմազանութեամբ: 

Իրաքի քրիստոնեաներու թիւը նուազեցաւ, անոնք ենթարկուեցան ցեղային հալածանքի «Իսլամական պետութիւն» կազմակերպութեան կողմէ, որու հետեւանքով քրիստոնեաներու մեծամասնութիւնը գաղթեց:

Ինչ կը վերաբերի եզիտիներուն, որոնք դարերէ ի վեր գոյութիւն ունէին Իրաքի մէջ, կոտորուեցան: ՄԱԿ-ի քննիչները տեղը ունեցած ոճրագործութիւնները որակեցին «զանգուածային ցեղասպանութիւն»:

Այս բոլորի հետեւանքով, Իրաք այժմ կը գտնուի քաոսային վիճակի մէջ պատերազմական իրավիճակը թօթափելէ ետք:

Միւս կողմէ, Իրաքի դաշնային կառավարութեան եւ Քիւրտիստանի յարաբերութիւնները լարուեցան: Քիւրտիստան, որ կը վայելէ ինքնակառավարութիւն, կը ձգտի աւելի լիազօրութիւններ ունենալ, ի մասնաւորի տարածաշրջանէն նաւթի արտածման առնչութեամբ։

2019-ի վերջերը, տեղի ունեցան աննախադէպ ցոյցեր Իրաքի զանազան շրջաններու եւ մանաւանդ մայրաքաղաք Պաղտատի մէջ: Ցուցարարները կը բողոքէին երկրի փտածութեան դէմ, կը դատապարտէին «վատ կառավարումը» ինչպէս նաեւ Իրանի «միջամտութիւնը» Իրաքի գործերուն:

Այդ ցոյցերուն, որոնք ենթարկուեցան դաժան ճնշումներու, յաջորդեցին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները հոկտեմբեր 2021-ին: Փտածութեան մէջ խրուած քաղաքական կուսակցութիւնները, մէկ տարի ետք միայն, կրցան համաձայնիլ նոր վարչապետի մը շուրջ, զինեալ խումբեր առճակատումներ ունենալէ ետք: 

France Press-ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին, Իրաքի վարչապետ Մուհամմատ Շիաա Ալ Սուտանին հաստատած է, որ պիտի պայքարի փտածութեան դէմ կանոնագրային բոլոր միջոցներով: Իրաք, ըստ Transparency International կազմակերպութեան, կը գրաւէ 157-րդ տեղը ամէնէն շատ փտածութիւն ունեցող 180 երկիրներու ցուցակին մէջ:

Իր կարգին՝ իրաքցի-գանատացի քաղաքական վերլուծաբան՝ Համզէ Հատտատ կը կարծէ, որ «փտածութեան դէմ պայքարը շատ բարդ հարց է, քանի որ փտածութիւնը խորապէս արմատացած է Իրաքի մէջ»:

Հատտատ ըսած է. «Մենք կը խօսինք ներխուժման քսանամեակի մասին, բայց որեւէ իրաքցի պիտի ըսէ, որ փտածութիւնը սկսած է զարգանալ անցեալ դարու 90-ականներուն, երբ Սատտամ Հիւսէյնի ռեժիմի դէմ միջազգային պատժամիջոցներ կիրառուեցան»:

Երկիրը, հակառակ, որ ունի նաւթի հսկայական պաշարներ, կը տառապի խարխուլ ենթակառուցուածքէ, երկար ժամերով ելեկտրական անջատումներէ, խմելու ջուրի ցանցերու բացակայութենէ եւ աղքատութենէ, որմէ կը տառապի Իրաքի 42 միլիոն բնակչութեան մէկ երրորդը:

Սակայն, ըստ Համզա Հատտատին, Իրաք «ժողովրդավարացման գործընթացի մէջ գտնուող երկիր է: Մարդիկ կը մոռնան, որ քսան տարին պետութեան կեանքին մէջ շատ կարճ ժամանակաշրջան կը համարուի»:

 

Հաւասարակշռութիւն

Իր կարգին, Ուաշինկթըն հիմնարկի գիտաշխատող՝ Համտի Մալիքի նշած է, որ ներկայիս, Իրաքի մէջ, ուր բնակչութեան մեծամասնութիւնը շիիթներ են, «Շիիթ կուսակցութիւնները կը համարուին ամենաուժեղ խաղացողները քաղաքական դաշտին մէջ», աւելցնելով, որ հակառակ անոնց տարաձայնութիւններուն, «Իրանի կողմէ աջակցուող շիիթ հոսանքները կը յաջողին որոշակի համախմբութիւն պահպանել» եւ Թեհրան «վճռորոշ դեր կը խաղայ այդ համախմբութեան գոյատեւման մէջ»:

1980-ականներուն Իրաքի հետ արիւնալի պատերազմէ ետք Իրան դարձած է Իրաքի ամենամօտ դաշնակիցը 2003-էն ի վեր:

Երկու երկիրներուն միջեւ կան նաեւ առեւտրական յարաբերութիւններ, ինչպէս նաեւ Իրաք կ'օգտուի իրանական կազէն: Իրաք իր կառավարական զինուած ուժերուն մէջ ներառած է աւելի քան 150,000 ռազմիկներ, որոնք կը կու գան Իրանին մօտիկ զինեալ զինուած խմբաւորումներէ։

Նկատի առնելով, որ խորհրդարանին մէջ Շիիթ կուսակցութիւնները գերիշխող են, եւ իշխող կառավարութիւնը իր ուժը կը բխի խորհրդարանական մեծամասնութենէն, հետեւաբար Իրան հետզհետէ կ'ուժեղացնէ իր դերը Իրաքի մէջ:

Այս առումով Ֆրանսայի նախագահ՝ Էմանուէլ Մաքրոն անցնող դեկտեմբերին Իրաքին կոչ ըրած էր հետեւելու այլ ուղիի, որ հեռու ըլլայ «արտերկրէն թելադրուած քաղաքականութիւններէն», առանց նշելու Իրանը։

Նոյն առումով, Պաղտատէն արեւմտեան դիւանագէտ մը, որ նախընտրած է իր անունը չտալ, լաւատեսութիւն յայտնած է վարչապետին ընտրած ուղղութիւններուն վերաբերեալ՝ ըսելով,- «Ան կը փորձէ հաւասարակշռութիւն հաստատել մէկ կողմէ մէկ կողմէ Իրանին եւ միւս կողմէ Սիւննի հարեւաններուն եւ Արեւմուտքին միջեւ», եւ այդ համարած է «շատ զգայուն առաջադրանք»:

 

 

 Սագօ Արեան 

 Յ.գ.  Նշեմ, որ  AFP գործակալութեան կողմէ  ներկայացուած  վերլուծման  թարգամանութիւնը կատարած է Թ.Գասպարեան 

 

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...