37 Տարի առաջ այսօր Թուրք ծայրայեղականներ յարձակումներ կատարեցին Մարաշի (Քահրամանմարաշ) Ալէւի համայնքի ձախակողեաններուն դէմ սպաննելով աւելի քան180 անձեր: 19 Յունուար 1978-ին «Գորշ Գայլեր» կազմակերպութեան անդամներ յարձակում գործելոէվ րթիռներ նետեցին շարժանակարի սրահի վրայ- ուր հաւաքուած էին ձախակողմեան թեքում ունեցող Ալէւիներ եւ պատճառ դարձան լայնածաւալ սպաննութեանց: Աւելի ուշ դէպքը դուռ բացաւ ներքին խլրտումներու, երբ ձախակողմեանները մեղադանքներ հնչեցուցուին աջակողեան թեքում ունեցող թուրքերուն դէմ զանոնք մեղադրելով իբրեւ այդ յարձակման գլխաւոր պատասխանատու եւ որուն արդիւնքով աջակողմեանները լայնածաւալ գործողութիւններ իրականացուցին հրկիզելով ալէւիներու տասնեակ խանութներ եւ բնակարաններ: Քաղաքին մէջ բնակող երկու անուանի ձախակողմեան թեքում ունեցող ուսուցիչներ Հաճի Չոլաք եւ Մուսթաֆա Եուզպաշօղլու անարգ կերպով սպաննուեցան: Դէպքերուն իբրեւ հետեւանք Պոլսոյ, Անգարայի Մարաշի եւ այլ շրջաններու մէջ պարէտային ժամ յայտարարուեցաւ: Քահրամանմարաշի դէպքերուն արդիւնքով սպաննեալներուն թիւը հասաւ 185-ի: Սպաննութիւններու այդ ալիքը քէմալական Թուրքիոյ ամէնէն արիւնալի էջերէն մէկն է , ուր «Գորշ Գայլեր»ը հերթական անգամ ցոյց տուին իրենց ցեղապաշտ եւ ֆաշիստական դէմքը: