image

«Ոչ թէ մեր դէմ, այլ վարակին դէմ...» Մոհամէտ Ժաուատ Զարիֆի դիտարկումը

«Ոչ թէ մեր դէմ, այլ վարակին  դէմ...» Մոհամէտ Ժաուատ Զարիֆի դիտարկումը

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մուհամատ Ճաուատ Զարիֆն ԱՄՆ-ի պատժամիջոցները Թեհրանի դէմ «տնտեսական եւ բժշկական ահաբեկչութիւն» անուանած է: Այս մասին նախարարը գրած է «Քոմերսանթ»-ի մէջ հրապարակուած «Պայքարեցէք ժահրի, ոչ թէ մեր դէմ» յօդուածի մէջ: 

Զարիֆի խօսքով՝ այդ քայլերը երկրի մէջ յանգեցուցած են մարդասիրական ճգնաժամի:

«Իրանի տնտեսական աղբիւրներու ապօրինի արգելափակման պատճառով անհնարին կը դառնայ դեղամիջոցներու եւ բժշկական սարքաւորումներու հասանելիութիւնը: Այն կը յանգեցնէ մարդասիրական ճգնաժամի: Բժշկական սարքաւորումներ արտադրող եւրոպական ընկերութիւնները ամերիկեան սպառնալիքի պատճառով առեւտուր չեն ըներ Իրանի հետ եւ անոր չեն վաճառեր բժշկական ապրանքներ: ԱՄՆ-ի պատժամիջոցները կը տարածուին օրինական առեւտուրի վրայ: Միեւնոյն ժամանակ ամերիկացի պաշտօնեաներու նախապայմանները դեղամիջոցներու, բժշկական սարքաւորումներու եւ մարդասիրական ապրանքներու վաճառքի վերաբերեալ լուրջ խոչընդոտներ կ'առաջացնեն Իրանի մէջ «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարին մէջ: Այսպիսով՝ ԱՄՆ-ի կողմէ Իրանի նկատմամբ տնտեսական ու բժշկական ահաբեկչութիւնը տարբեր ձեւեր ընդունած է»,-գրած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարը:

Զարիֆի խօսքով՝ այն ոչ միայն «ահաբեկչութիւն է Իրանի նկատմամբ, այլ նաեւ յանցագործութիւն մարդկութեան եւ միջազգային հանրութեան դէմ»:

Յայտնի է, որ ամբողջ աշխարհի մէջ նոր տեսակի «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւը հասած է 722 664-ի, որմէ  33 983-ը՝ մահուան ելքով։ Հիւանդութենէն ապաքինուած է աւելի քան 151 793 մարդ։