image

Տիարպէքիրի Մէջ Այսօր Սպաննուած Քիւրտ Իրաւապաշտպանը Խօսած էր Իրեն Ուղղուած Սպառնալիքներուն Մասին (Տեսանիւթ)

Տիարպէքիրի Մէջ Այսօր Սպաննուած Քիւրտ Իրաւապաշտպանը Խօսած էր Իրեն Ուղղուած  Սպառնալիքներուն Մասին    (Տեսանիւթ)

Այսօր      Տիարպէքիրի մէջ սպաննուած Թահիր  Էլչի         քանիցս մահուան սպառնալիքներ ստացած է:  Տիարպէքիրի   փաստաբաններու պալատի նախագահը,  որ մարդկային իրաւանց   պաշտպան է,   ամիս մը առաջ Channel  4 news      կայանի լրագրող Ճոնաթըն  Րակմանին    տրուած  հարցազրոյցի  մը ընթացքին   ըսած է,  որ   Թուրքիոյ մէջ   հայերու Ցեղասպանութեան   թեմային  անդրադառնալը   ոչ միայն թապու է, այլ վտանգաւոր:  Սպաննեալ քիւրտ    իրաւապաշտպանը նաեւ ըսած է, որ  վերջին շրջանին  զինք Լինչի  դատաստանի  ենթարկելու մասին   սպառնալիքներ  կը ստանայ եւ   սպառնացողները նոյնիսկ Tweet-ներ  ըրած են այն մասին, թէ  ինչ ձեւով    պիտի  սպաննեն զինք: Նշենք, որ շուրջ   ամիս մը առաջ    Էլչի CNN Turk  կայանէն խօսած  ժամանակ    ըսած էր, որ  քրտական  PKK  կուսակցութիւնը ահաբեկչական  կուսակցութիւն մը չէ, բան մը  որ  մեծ աղմուկ բարձրացուցած էր  զինք քննադատող շրջանակներուն մօտ: