ԱՄՆ իշխանութիւնները յոյս ունին ստեղծել նոր «Քորոնա» ժահրի դէմ պատուաստանիւթը 2021 թուականի յունուարին, սակայն չեն կրնար երաշխաւորել այն: Այս մասին շաբաթ CNN հեռուստաալիքի եթերէն յայտարարած է ԱՄՆ-ի վարակիչ հիւանդութիւններու ազգային հիմնարկի տնօրէն Էնթընի Ֆոցին, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ-ը։
«Կը կարծեմ, որ այն հեշտութեամբ իրագործելի չէ, սակայն շատ հաւանական է,-արձանագրած է ան նշուած ժամկէտի շրջանակէն ներս դեղամիջոցը ստեղծելու հնարաւորութիւններու մասին։ -Սակայն կան շարք մը իրավիճակներ, որոնց պարագային կրնան ծագիլ դժուարութիւններ»։
Ֆոցին նշած է, որ աւելի վաղ ԱՄՆ իշխանութիւններն ընտրած են քանի մը հեռանկարային նախագիծեր պատուաստանիւթը ստեղծելու համար:
Նշուած է, որ ամերիկացի մասնագէտները մտադիր են հետազօտել «Քորոնա» ժահրի դէմ առնուազն 14 հնարաւոր պատուաստանիւթ»։