image

Պաղեստին խզեց իր կապերը Իսրայէլի հետ

Պաղեստին խզեց իր կապերը Իսրայէլի հետ

Պաղեստինի առաջնորդ Մահմուտ Ապաս յայտարարած է Իսրայէլի եւ ԱՄՆ-ի հետ բոլոր համաձայնագրերը խզելու որոշման մասին։ Խօսքը կը վերաբերի նաեւ անվտանգութեան ոլորտի համաձայնագրերուն։ Պատճառը պաղեստինեան բոլորը հողերը միաւորելու Թէլ-Աւիւի մտադրութիւններն են։ Այս մասին Ապաս յայտարարած է «Ալ Ճազիրա» հեռուստաալիքի եթերին։

Պաղեստինի առաջնորդը կոչ ըրած է Իսրայէլին միջազգային հանրութեան առաջ կրելու ողջ պատասխանատութիւնը՝ «որպէս Պաղեստինի գրաւեալ տարածքին մէջ բռնատիրական ուժ»։

Բացի այդ, Ապաս կոչ ըրած է ներառել Պաղեստինը միջազգային կազմակերպութիւններու եւ հիմնարկներու կազմին մէջ:

Համաձայն Ապասի յայտարարութեան՝ Պաղեստինը պատրաստ է պաղեստինա-իսրայէլեան հակամարտութեան հարցով բանակցութիւններու վերադառնալ երրորդ երկրի միջնորդութեամբ։

Երկրի ղեկավարութեան առջեւ իր ելոյթին մէջ ան ըսած է․

«Պաղեստինցի ժողովուրդի հանդէպ անարդարութեան ամբողջ պատասխանատւութիւնը կը դնենք ԱՄՆ-ի ուսերուն, մենք ԱՄՆ կը համարենք իսրայէլեան բռնատիրական կառավարութեան գլխաւոր գործընկերը՝ անոր բոլոր թշնամական որոշումներուն մէջ»։