«Քեսապի հիմնական խնդիրը անոր երիտասարդութեան` գիւղէն հեռանալու մտահոգիչ երեւոյթն է»,- «Արեւելք»ին ըսաւ Տ. Գէորգ Եպս. Ասատուրեան: Գերապայծառ Ասատուրեան, որ օրեր առաջ հովուական այցով Քեսապ այցելեց, նաեւ ըսաւ, որ քեսապցին, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, կառչած կը մնայ իր հողին: «Քեսապ եղանք մեր ժողովուրդին յայտնելու, որ մենք իրենց կողքին ենք եւ պատրաստ ենք ամէն գնով նեցուկ կանգնելու հայադրոշմ այս գիւղին»: Տ. Գէորգ Սրբազան նաեւ ըսաւ, որ ինք հանդիպումներ ունեցաւ Քեսապի բոլոր համայնքներու անդամներուն հետ եւ փորձած է մօտէն ճանչնալ անոնց հիմնական խնդիրները: Հայ կաթողիկէ պատասխանատու կրօնականը ըսաւ, թէ ինք նկատած է, որ քեսապցիին մօտ հողին վրայ ապրելու կամքը առկայ է: Ան յայտնեց, որ հայութեան համար Քեսապը կարեւոր է, ինչպէս կարեւոր են Պուրճ Համուտն ու Այնճարը: Խօսելով Քեսապի տխուր դէպքերուն մասին` բարձր գնահատեց ամբողջ հայութեան ճիգերը միջազգային ահազանգ հնչեցնելու եւ Քեսապը գրաւողներուն ստիպելու գիւղէն հեռանալ: Խօսելով այսօր շրջանին մէջ տիրող ընդհանուր ապահովական իրավիճակին մասին` ան ըսաւ. «Ես ականատես եղայ հրթիռներու պայթումներուն, որոնց ծուխը երեւելի է Քեսապի շուրջ եղող անտառներուն մէջ եւ ժողովուրդին մօտ մտահոգութիւն կայ, որ Քեսապ կրնայ դարձեալ ահաբեկիչներու թիրախ դառնալ», յաւելելով, որ գիւղը այսօր ապահովուած է բոլոր առումներով եւ յատկապէս ռուսական ուժերու ներկայութիւնը կարեւոր արգելք է, որ մեր ժողովուրդին դէմ եղող տարբեր կողմեր հեռու մնան նոր արկածախնդրութիւն մը կատարելէ: Գերապայծառ Ասատուրեան նկատել տուաւ , որ այսօր Քեսապի ամէնէն ծանր խնդիրը անոր երիտասարդութեան արտագաղթի դիմելն է եւ այս խնդիրը խորապէս կը մտահոգէ Քեսապ գտնուող բոլոր յարանուանութիւններու եւ մարմիններու պատասխանատուները: Գերապայծառ Ասատուրեան նաեւ նշեց, որ իր յառաջիկայ ծրագիրներուն մէջ կայ մեծ պատուիրակութեամբ մը հովուական այցելութիւն մը տալ դէպի իր ծննդավայրը ՝ Գամիշիլի, մօտէն ծանօթնալու տեղի ժողովուրդին ընդհանուր կարիքներուն: Տ. Գէորգ Եպս. Ասատուրեան «Արեւելք»ին իր տուած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ նաեւ Լիբանանի ընդհանուր դրութեան, նկատել տալով, որ վերջին ութ տարիներուն, երբ ան հովուական պարտականութեամբ կը գտնուէր Փարիզ, երկիրը յայտնուած է աւելի դժուար վիճակի մը մէջ: «Միջին Արեւելքի մէջ երեւելի ու մտահոգիչ է, որ մեր հայագաղութներուն մէջ առաջուան եռանդը եւ յոյսը չկայ եւ այդ մէկը կապուած է տարբեր հանգամանքներու հետ, որոնց ամէնէն կարեւորը Սուրիոյ արիւնալի պատերազմն է ու անոր ունեցած անմիջական ազդեցութիւնները ամբողջ Արեւելքի վրայ», յաւելելով, որ «Լիբանանցի պատասխանատուներուն հետ մեր ունեցած վերջին շփումներուն ընթացքին պարզ դարձաւ, որ բոլորը դրական փոփոխութիւններ տեսնելու յոյս ունին, բայց ամէնէն կարեւորը Ամերիկայի կեցուածքն է ու այնքան ժամանակ, որ Միացեալ Նահանգներ Միջին Արեւելքի հարցով քաղաքական յստակատեսութեան խնդիր ունի, մենք կրնանք այս տագնապներուն մէջ երկար մնալ»,- ըսաւ Գերապայծառը` դիտել տալով, որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, Միջին Արեւելքի մէջ հաստատուած քրիստոնեաները, որոնց մէջ նաեւ հայերը, պէտք է պայքարին, որովհետեւ անոնց այս շրջաններուն մէջ գոյութեան շարունակականութիւնը կարեւոր է, ոչ միայն Արեւելքին, այլ նաեւ Հայաստանի համար: