image

Եւրոպան ծանր ճգնաժամի առջեւ. Ճուզեփէ Քոնթէ

Եւրոպան ծանր ճգնաժամի առջեւ. Ճուզեփէ Քոնթէ

«Քորոնա» ժահրի հետ կապուած արտակարգ իրավիճակներէն ետք Եւրոպան պիտի կանգնի «ծանր եւ լուրջ անկման» առջեւ, եւ յատուկ միջոցներ անհրաժեշտ են հետեւանքները մեղմելու համար: Այս մասին յայտարարած է Իտալիոյ վարչապետ Ճուզեփէ Քոնթէն, կը փոխանցէ Reuters-ը

Սենատին ուղղուած իր ուղերձին մէջ Քոնթէն ըսած է, որ Եւրոպան պիտի կարողանայ «յաղթահարել ցնցումը միայն արտակարգ եւ բացառիկ միջոցներու օգնութեամբ»:

Իտալիոյ մէջ յայտարարուած խիստ մեկուսացման ռեժիմի պատճառով երկրի տնտեսութիւնը փաստացի «ծունկի եկած է»: Աւելի քան 25 միլիառ եւրոյի խթանիչ միջոցներու երկրորդ փաթեթը Քոնթէն խոստացած է ապրիլ ամսուն: