Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին կ'առաջարկէ տեսակապով եռակողմ հանդիպում կատարել Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի նախագահներ Ճօ Պայտընի եւ Վլատիմիր Փութինի հետ:
Զելենսքիի այդ նախաձեռնութեան մասին յայտնած է Ուքրանիոյ նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Անտրէյ Երմաքը: Ան չէ պարզաբանած, թէ ճշգրիտ երբ Զելենսքին ներկայացուցած է առաջարկը:
Վերջին անգամ Զելենսքին եւ Պայտընը հեռախօսով զրուցած են Յունուար 2-ին:
Երմաքի, խօսքով, «ամերիկացի գործընկերները հետաքրքրութեամբ ընդունած են առաջարկը, սակայն ռուսական կողմէ դեռ արձագանգ չկայ»: Անոր մեկնաբանութենէն պարզ չէ, թէ ով առաջարկին մասին տեղեկացուցած է ռուսերուն՝ Ուքրանիա՞ն, թէ՞ Միացեալ Նահանգները: