Հայաստանի արմատական ընդդիմութեան՝ «Հայաստան» դաշինքի այսօր նախատեսուած երթը, որ սկիզբ առած էր Գարեգին Նժդեհ կայարանի շրջանէն, այս պահուն հասած է Եռաբլուր: Այս մասին «Արեւելք»ին կը տեղեկացնէ Երեւանի թղթակիցը:
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ այսօրուայ երթը կը գլխաւորէ Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան:
Նշենք նաեւ, որ երթին կը մասնակցին «Հայաստան» դաշինքի ղեկավարները, ինչպէս նաեւ հոծ բազմութիւն մը:
Յայտնենք նաեւ, որ աւելի վաղ դաշինքի անունով հանդէս եկող Իշխան Սաղաթէլեան նշած էր, որ այսօրուայ եթը յատկանշական է այն առումով, որ խօսքեր պիտի չհնչեն եւ ուղղակի տեղի պիտի ունենայ սգոյ երթ, յիշելու եւ յարգելու տարի մը առաջ շղթայազերծուած 44-օրեայ պատերազմի նահատակներու յիշատակը:

