image

«Յետ տար քո խաչը»

«Յետ տար քո խաչը»

Աստուծոյ դէմ բորբոքող այս անգամ իգական սեռի ներկայացուցիչ մըն է՝ Շուշանիկ Կուրղինեան, որ ապրած է 1876-1927 թուականներուն միջեւ: Մինչեւ օրս լաւապէս չուսումնասիրուած գրողներէն մէկն է Շուշանիկ, որ պէտք է իր ուրոյն տեղը ունենայ հայ գրականութեան մէջ՝ Սիպիլի, Զապէլ Եսայեանի եւ այլ իգական սեռի ներկայացուցիչ գրողներու կողքին: Շուշանիկի գործերուն մէջ յատկանշական է անոր յեղափոխական ոգին, ըմբոստութիւնը եւ քննադատական սուր միտքը: Ան եղած է առաջիններէն, որ հայ գրականութեան մէջ բարձրաձայնած է կանացի իրաւունքները:

Կանանց իրաւունքները պաշտպանելու գծով գրուած անոր ամենէն յայտնի գործերէն մէկն է «Մենք էլ միանանք» խորագրեալ բանաստեղծութիւնը, ուր կ՚ըսէ, թէ տղամարդիկ առանց կանանց՝ ոչինչ են... իր իսկ բառերով «կ՚ընկնեն ցիրուցան...»:

Իր կենդանութեան Շուշանիկ Կուրղինեան հրատարակած է մէկ աշխատութիւն՝ «Արշալոյսի ղօղանջներ» վերնագիրով, սակայն շատ մը ստեղծագործութիւններ տեղ գտած են ժամանակի մամուլին մէջ. ան իր առաջին գործերը գրած է «Տարազ» գեղարուեստական շաբաթաթերթին մէջ. մամուլի մէջ լոյս տեսած զանազան գործեր յետ մահու հրատարակուած են Երեւանի մէջ:

Շատեր փորձած են նմանութիւններ գտնել Շուշանիկ Կուրղինեանի եւ իտալացի բանաստեղծուհի Ատա Նեկրիի միջեւ, որովհետեւ երկուքն ալ յեղափոխական շունչով պայքարած են աշխատաւորներու շահերը պաշտպանել. Շուշանիկ մինչեւ իսկ եղած է կուսակցական եւ զանազան շրջաններու մէջ հիմնած է ակումբներ:

Աստուծոյ դէմ ըմբոստացող բանաստեղծութեան խորագիրը արդէն իսկ ցոյց կու տայ Շուշանիկ Կուրղինեանի պայքարող եւ ինքնավստահ հոգին։ Բանաստեղծութեան խորագիրն է «Յե՛տ տար քո խաչը». երկարաշունչ բանաստեղծութիւն մը՝ ընդհանուր 120 տողերէ բաղկացած: Այդ բանաստեղծութիւնը նկարագրութիւն մըն է կախաղան բարձրացող հայու մը դժբախտութեան. գրական բարձր ոճով, սուր ու ազդեցիկ տողերով Շուշանիկ կը նկարագրէ, թէ ինչպէս անձը կը տանին նահատակութեան: Այդ միջոցին Շուշանիկ կը նկարագրէ, որ քահանայ մը կը մօտենայ մահուան դատապարտեալին եւ վերջին անգամուան մը համար Սուրբ Խաչը համբուրել կու տայ: Այդտե՛ղ է որ Շուշանիկ «Յետ տար քո խաչը» կը կոչէ եւ կը սկսի խաչին հանդէպ իր համոզումները թուղթին տալ: Ի տարբերութիւն նախորդներուն Շուշանիկ շատ աւելի յստակ ու խիստ է իր Աստուծոյ եւ հաւատքի հանդէպ ունեցած կեցուածքին մէջ. անոր բառերը շատ աւելի ծանր ու դաժան են քան նախորդները:

Շուշանիկ խաչը կեղծիք մը կը նկատէ։ Իր բանաստեղծութեան մէջ կ՚ըսէ. «Յետ տար քո խաչը - գործիքըն յարմար անվերջ կեղծիքի»: Դժուար չէ կռահել, որ Շուշանիկ դէմ է թէ՛ եկեղեցւոյ եւ թէ եկեղեցականութեան. Խաչն ու հաւատքը կը նկատէ շահ ապահովելու եւ ժողովուրդը խաբելու միջոց եւ կ՚ուզէ, որ նահատակը չի՛ համբուրէ խաչը, որովհետեւ Շուշանիկ եւս համոզուած էր, որ մեր ժողովուրդի դժբախտութեան պատճառը մեր հաւատքն է:

Տանք Շուշանիկի երկարաշունչ բանաստեղծութեան խաչի մասին գրած բաժինը.

«Յետ տար քո խաչը - գործիքըն յարմար

Անվերջ կեղծիքի, լըպիրշ քըսութեան.

Անխախտ պատճառը արուած ոտնահար

Ամէն մի տենչի թըշուառ մարդկութեան:

Յետ տար ազգերի տիտան կապանքի-

Վեհ ձըգտումների, սուրբ ճըշմարտութեան,

Գիտակից մըտքի - ազատ վայելքի,

Շաղկապ իդէալի - հաւասարութեան,

Եւ սասանական անվերջ ջարդերին,

Անմեղ զոհերի անգութ ըսպառման՝

Վաղո՜ւց կեղծըւած ժանգոտ բանալին»

Խաչի համար ըսուած ածականները շատ են այստեղ. լպիրշ, կապանք, կեղծուած, ժանգոտ եւ այլն...: Ոչ միայն հայուն, այլ խաչը որպէս պատճառ կը գտնէ համայն մարդկութեան թշուառութեան եւ այդ խաչին պատճառով է, որ կը ոտնահարուի մարդոց երազներն ու տենչերը: Այդ խաչին պատճառով է, որ անհաւասարութիւն կը ստեղծուի մարդոց միջեւ եւ կը խորտակուի մարդոց ձգտումները. այդ խաչն է, որ կը քօղարկէ շատ մը ճշմարտութիւններ եւ առաջ կը բերէ անմեղ զոհեր: Շուշանիկ խաչը բանալի կը կոչէ, որովհետեւ կը հաւատայ, որ այդ ձեւով հոգեւորականներ եւ ազգը ղեկավարող մարդիկ գիտեն շահագործել մարդոց հաւատքը եւ խաչը որպէս բանալի օգտագործելով հասնիլ իրենց նպատակին:

Շուշանիկ կը շարունակէ, խաչին տալով «զէնք քառաթեւ» պատկերաւոր յորջորջումը.

«Յետ տար մոլեռանդ, անմիտ ու անհամ

Կեղեքիչների զէնքը քառաթեւ՝

Որ պաշտըւեց երկա՜ր, երբ ամէն անգամ

Տնքում էր մարդը - մտքով կո՛յր, անթեւ՜...»

Շուշանիկ այստեղ խաչի կողքին կը հասնի նաեւ հոգեւորականներուն, զանոնք կոչելով մոլեռանդ, անմիտ, անհամ ու կեղեքիչ. իսկ հաւատացեալները կը կոչէ կոյր ու անթեւ. կոյր՝ որովհետեւ ճշմարտութիւնները չեն տեսներ, իսկ անթեւ՝ որովհետեւ այդ խաչին բեռին տակ կքած ազատ երկինքը չեն տեսներ՝ որպէսզի ճախրեն. իր համոզումով այդ խաչին հաւատալը ծանր բեռ մըն էր մարդուն համար, որուն ծանրութեան տակ ո՛չ կրնայ տեսնել եւ ո՛չ թռչիլ:

«Յետ տար... նըրանից արիւն է ծորում,

Վազում արցունքի, շարաւի հեղեղ,

Բիւրաւոր, անթիւ զոհերի լըքում -

Ղօղանջում մահւան նըզովքով ահեղ...»

Խաչի վրայէն հոսող արիւնը ո՛չ թէ Քրիստոսի, այլ հայութեան արիւնն է. հայութեան արցունքն է. միւս բանաստեղծին նման (Սմբատ Բիւրատ) Շուշանիկ արիւնարբու կ՚ուզէ կոչել խաչն ու հաւատքը, որոնք պատճառ կը դառնան անթիւ զոհերու. զոհեր՝ որոնք ահեղ նզովքով մը կը հեռանան աշխարհէն, դառնալով ողջակէզ այն խաչին՝ որուն ամբողջ կեանք մը հաւատացին:

Այս մտածումը ծնունդ կ՚առնէ հետեւեալէն.- շատեր կը մտածէին, որ իրենց կրած ծանր տանջանքներու պատճառներէն մէկը ո՛չ թէ իրենց հայ կամ օտար ազգի ներկայացուցիչ ըլլալն է, այլ՝ քրիստոսնեայ ըլլալը: Շատերու համոզումով եթէ ըլլայինք մահմետական, գուցէ չկրէինք այդ արհաւիրքը. այս համոզումի հիմնական պատճառը այն էր, որ անցեալին քաղաքականութիւնը սեփական շահերէ աւելի հիմնուած էր կրօնի վրայ. Խաչակիրները կը պաշտպանէին իրենց քրիստոնեայ եղբայրները, իսկ մահմետականները՝ իրենց կրօնակիցները (ինչ որ յաճախ կը շարունակուի մինչեւ այսօր):

Հրայր Տաղլեան
«Ժամանակ»/Պոլիս

Հրայր Տաղլեան

Հրայր Տաղլեան

Ծնած է Պէյրութ-Լիբանան, 8 Փետրուար 1992-ին: Ա...