image

Վրաստանի մէջ. Հաշուառուած է կեանքի միջին տեւողութիւնը

Վրաստանի մէջ. Հաշուառուած է կեանքի միջին  տեւողութիւնը

Վրաստանի մէջ կեանքի միջին տեւողութիւնը 7 տարիով պակաս է, քան Եւրոպական միութեան երկիրներուն մէջ, յայտնած է Թիֆլիսի պետական ​​համալսարանին առընթեր Տնտեսագիտութեան միջազգային դպրոցը։

Վրաստանի մէջ կեանքի միջին տեւողութիւնը կը կազմէ 74 տարի, ընդ որում կանայք միջին հաշուով շատ աւելի երկար կ'ապրին (79,2 տարի), քան տղամարդիկ (69,7 տարի):

Ըստ «Սփութնիք Կրուզիա»-ի՝ այս ցուցանիշով Վրաստանը 200 երկիրներու շարքին 101-րդ տեղը կը գրաւէ։

Կեանքի միջին տեւողութեամբ Եւրոպայի առաջատարը Սպանիան է, ուր մարդիկ կ'ապրին միջին հաշուով 84 տարի: Այնուհետեւ կը յաջորդեն Իտալիան (83,7 տարի) եւ Մալթան (83,6 տարի):

Ինչ կը վերաբերի իր հարեւան երկիրներուն, Վրաստանն առաջ է միայն Ռուսիայէն (73,3 տարի)։

Թուրքիոյ կեանքի միջին տեւողութիւնը կը կազմէ 77,8 տարի, Ատրպէյճանի՝ 74,5 տարի, Հայաստանի՝ 75,8 տարի։