Ազգերու լիկայի անցումային Վրաստան-Հայաստան խաղէն ետք վրացի երկրպագուներու մարզադաշտ մտնելու ու անարգալից պահուածքի պատճառով Թիֆլիսի «Տինամօ» մարզադաշտը կրնայ որակազրկուիլ:
«Արմէնփրէս»-ի թղթակցի հաղորդմամբ` եթէ ՈՒԵՖԱ-ն որակազրկէ վրացիները` անարգալից պահուածքի համար, ապա երկրպագուները ներկայ պիտի չըլլան աշխարհի առաջնութեան ընտրական փուլի շրջածիրէն ներս կայանալիք խաղին, որ նախատեսուած է սեպտեմբերին:
ՈՒԵՖԱ-ի Ազգերու լիկայի անցումային խաղերու պատասխան հանդիպման Հայաստանի ֆութպոլի ազգային ընտրանին հիւրընկալուած էր Վրաստանի հաւաքականին`զիջելով 6:1 հաշուով: Խաղի աւարտէն ետք վրացի երկրպագուներու խումբ մը մտած են խաղադաշտ`վազած դէպի հայ երկրպագուներու բաժինը եւ կերպընկալէ (փլասթիք) ու մետաղական շիշեր նետած անոնց ուղղութեամբ:
Զուրապիշվիլի քննադատեց իր երկրացիները
Վրաստան-Հայաստան ՈւԵՖԱ Ազգերու լիկայի փլէյ-օֆֆ փուլի պատասխան խաղէն ետք վրացի երկրպագուները նետած են առարկաներ հայ երկրպագուներու ուղղութեամբ, որ մեծ աղմուկ առաջացուցած է թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Վրաստանի մէջ:
Միջադէպի վերաբերեալ իր կարծիքն արտայայտած է Վրաստանի նախկին նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլին։
«Որպէս դեռ օրինական նախագահ, ես կ՚ուզէի ներողութիւն խնդրել մեր հարեւան ժողովուրդէն՝ որպէս նախագահ, մեր որոշ ոչ քաղաքակիրթ քաղաքացիներու անպարկեշտ պահուածքի համար: Մենք կանք եւ պիտի մնանք բարի հարեւանական տրամադրուած պետութիւններ, հնագոյն քրիստոնէական կրօնի տէր ազգութիւններ եւ պիտի ապրինք խաղաղ եւրոպական կովկասի մէջ»,- գրած է Սալոմէ Զուրապիշվիլին: