Երեւանի մարզահամերգային համալիրին մօտ բողոքի շարժում կ'ընթանայ, որուն մասնակիցները իրենց բողոքն ու վրդովմունքը կ'արտայայտեն եւրոպական պատուիրակութիւններու ներկայացուցիչներուն` Ատրպէյճանի հայատեաց քայլերուն չարձագանգելու համար:
Շարժումին մասնակիցները ուշադրութիւն կը հրաւիրեն Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հայատեաց քաղաքականութեան, պատերազմին հետեւանքով գերեվարուած հայ գերիներու, Արցախի բռնագրաւուած շրջաններուն մէջ իրականցուող մշակութային ցեղասպանութեան վրայ:
Յիշեցնենք, որ այժմ Երեւանում կ'ընթանան Եւրոնեսթ խորհրդարանական վեհաժողովի յանձնաժողովներու նիստերը: Եւրոնեսթ խորհրդարանական վեհաժողովի իրաւական, մարդու իրաւունքներու եւ ժողովրդավարութեան հարցերու յանձնաժողովի նիստը կը գլխաւորէ «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Մարիա Կարապետեանը:
Ատրպէյճանցի պատգամաւորները ժամանած են Երեւան` մասնակցելու «Եւրոնեսթ» խորհրդարանական վեհաժողովի գրասենեակի եւ յանձնաժողովներու նիստերուն մասնակցելու: