image
Հրատապ լուրեր:

Ուրուկուէյ դատապարտած է Ատրպէյճանի ներխուժումը

Ուրուկուէյ դատապարտած է Ատրպէյճանի ներխուժումը

Ուրուկուէյի Արեւելեան Հանրապետութեան Սենատորներու պալատը յայտարարութեամբ դատապարտած է Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգայնօրէն ճանաչցուած տարածք Ատրպէյճանի ներխուժումը:

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ Ուրուկուէյի Սենատորներու պալատի յայտարարութեան մէջ նշուած է.

«Հաշուի առնելով Ատրպէյճանի և Հայաստանի միջեւ բախումների սրացումը եւ Հայաստանի տարածքի Ատրպէյճանի ռմբակոծումները՝ Ուրուկուէյի Արեւելեան Հանրապետութեան Սենատորներու պալատը կը յայտարարէ.

Իր դատապարտումը Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքի նկատմամբ Ատրպէյճանի ներխուժման առնչութեամբ,

Իր համերաշխութիւնը Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի վրայ Ատրպէյճանի յարձակման զոհ հանդիսացող հայ ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ Ուրուկուէյի՝ այդ ազգութեան քաղաքացիներուն՝ ազդուած մարդկային կեանքերու կորստով,

Իր մտահոգութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին ճնշման եւ ռազմական բախումներու կապակցութեամբ,

Հայ ռազմագերիներու նկատմամբ Ատրպէյճանի զինուորականներու կողմէ իրականացուած պատերազմական յանցագործութիւններու մասին բազմաթիւ արձանագրութիւններու առկայութեան պայմաններուն՝ կը պահանջէ ամբողջական եւ անաչառ հետաքննութիւն, ինչպէս բարձրաձայնուած է ԱՄՆ-ի, Ֆրանսայի, Եւրոպական Միութեան, Ռուսիոյ, Միացեալ Թագաւորութեան կողմէ, ի թիւս այլոց,

Կը մերժէ սպառնալիքի եւ ուժի կիրառումը՝ որպէս տարաձայնութիւններու լուծման միջոց,

Յոյս կը յայտնէ, որ երկու երկիրներու միջեւ երրորդ երկիրներու միջնորդներու ներգրաւմամբ մեկնարկած դիւանագիտական բանակցութիւնները թոյլ կու տան համաձայնութեան հասնիլ՝ հիմնուած միջազգային իրաւունքի կիրարկման վրայ եւ կ'ապահովեն երկու երկիրներու միջեւ տեւական խաղաղութիւն՝ հաշուի առնելով Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջականութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը,

Կը յորդորէ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին պահպանելու լիարժէք հրադադար՝ հիմնուած 2020թ. Եռակողմ յայտարարութեան վրայ եւ վերականգնելու երկխօսութեան ուղին ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի միջնորդութեամբ եւ այլ համաձայնեցուած ուղիներով, միջազգային հանրութեան աջակցութեամբ եւ երաշխաւորմամբ՝ ՄԱԿ-ի սկզբունքներու համաձայն, ինչպէս արտայայտուած է մեր արտաքին յարաբերութիւններու նախարարութեան կողմէ ս. թ. 14/9/22-ի հաղորդագրութեամբ»։