Հիլտա Չոպոյեան կը տեղեկացնէ.
Ո՛չ եւս է Արմէն Սամուէլեան: Ֆրանսահայ կեանքի անցեալի եռուն տարիներու վերջին վկաներէն։ Եօթանասունականներէն ի վեր, Հրանտ Սամուէլի որդին, իր քրոջ՝ Ալիսին հետ կը վարէր հօր հիմնած և սփիւռքահայութեան համար առասպելական դարձած Փարիզի Սամուէլեան Արևելեան գրատունը, իր բազմալեզու և հազուագիւտ գիրքերու հաւաքածոներով։ Հոն է որ Սփիւռքի չորս ծագերէն տակաւին կարելի էր- է հանդիպիլ Հայութեան գիտակից և գրասէր զաւակներուն որոնց հանրագիտարանը դարձած էին քոյր և եղբայր Սամուէլեանները։ Եւ ո՛չ միայն։ Արմէնն ու Ալիսը անկախ Հայաստանի Փարիզ ապաստանած, կամ ժամանակաւոր հանգրուան հաստատած բոլոր դերակատարներուն մասին պատմութիւններու և դրուագներու շտեմարան մըն էին- են։
Հակառակ մռայլ արտաքինին, Արմէն ազնիւ, հետաքրքրական և ծառայասէր անձնաւորութիւն մըն էր։
80 ականներու առաջին տարիներուն, իր հօր՝ Հրանտ Սամուէլի անունը տուած էինք Տէսինի Հայ Մշակոյթի Տան սրահին և այդ առիթով մօտէն ծանօթացած էի Սամուէլեաններուն։ Ամէն անգամ յատուկ խանդաղատանքով զիս կ'ընդունէին գրատան պատերէն ներս։ Արփիկ Միսաքեանի և ուրիշներու մահէն վերջ, Հայ մշակոյթի այս անխոնջ պահակները նախապատերազմեան Փարիզի վերջին մոհիկաններէն էին։ Ցաւակցութիւններս սիրելի Ալիսին և ընտանեկան պարագաներուն։