Նոյեմբեր 16-ին, ՀՀ արեւելեան ուղղութեամբ ատրպէյճանական զինուած ուժերու ստորաբաժանումներու յարձակման հետեւանքով ծաւալած մարտերու ընթացքին հայկական կողմը, այս պահի տուեալներով, ունի 6 զոհ:
1990-ի ծնունդ աւագ լեյթենանթ Տարօն Ջիւանի Սահակեան, պայմանագրային զինուորներ՝ 1991-ի ծնունդ, կրտսեր սերժանթ Մերուժան Արթուրի Յարութիւնեան, 1990-ի ծնունդ շարքային Գուրգէն Աշոտի Սարգսեան, 1998-ի ծնունդ կրտսեր սերժանթ Արթուր Ջիւանի Մարտիրոսեան, 1980-ի ծնունդ շարքային Դաւիթ Հելպերթի Ամիրեան։ Եւս մէկ զոհուած զինուորի ինքնութիւնը դեռ կը պարզուի։
Ռուսական կողմի միջնորդութեամբ եւ մասնակցութեամբ կը շարունակուին աշխատանքները՝ մարտերուն գերեվարուածներու վերադարձի եւ անհետ կորսուածներու յայտնաբերման ուղղութեամբ։
Նոյեմբեր 19-ի ժամը 10։00-ի դրութեամբ իրադրութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանին յարաբերականօրէն կայուն է եւ կը վերահսկուի ՀՀ զինուած ուժերուն կողմէ։