Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ կապուած Արցախի վերջին ծանրակշիռ դէպքերուն տեղի ունեցած աղօթքի արարողութիւն։
Արարողութեանց հանդիսապետած են Դամասկոսի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Դամասկոսի Թեմի Առաջնորդ ՝ Գերշ. Տ. Արմաշ եպս Նալպանտնեան եւ Հայ Կաթողիկէ Դամասկոսի նորանշանակ Առաջնորդ Գերպ. Հ. Գէորգ եպս. Ասատուրեան։
Համայնքային տարբեր շրջանակներու ներկայացուցիչներու կողքին աղօթքի արարողութեան ներկայ եղած են Դամասկոսի հայկական համայնքի անդամներ։
Հաւաքին ներկայ եղած են նաեւ Սուրիոյ մէջ ՀՀ Դեսպան Տիգրան Գէորգեան , պատկառելի պատուիրակութեան մը գլխուն։
Արարողութեան աւարտին հրապարակուած է հաղորդագրութիւն, ուր մասնաւորապէս նշուած են եղած վերջին դէպքերը միջազգային հանրութեան կոչ ընելով, որպէսզի ճնշումներ գործադրէ Պաքուի վրայ վերջ տալու համար Ալիեւի հայաջինջ քաղաքականութեան։
Կրօնական արարողութեանց աւարտին տեղի ունեցած սկաուտական տողանցք։
Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը