Վերաքննիչ քրէական դատարանը՝ դատաւոր Տիգրան Սահակեանի նախագահութեամբ, մերժած է պաշտպանութեան նախկին նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը կալանաւորելու որոշման դէմ փաստաբաններու բողոքը։
Այս մասին ըսաւ Տօնոյեանի փաստաբան Սերկէյ Յովհաննիսյանը։ Վերջինս նշեց, որ որոշման բովանդակութեան ծանօթ չեն, քանի որ որոշումը դեռ ստացած չեն։
«Մերժման հիմքերը առկայ չեն, չբաւարարելու հիմքեր էին միմիայն առկայ, սա կարող եմ համոզուած կերպով նշել», ըսաւ ան։
Յովհաննիսեան նշեց, որ միանշանակօրէն պիտի դիմէ Վճռական դատարան։
«Որոշումը ստանալուց, առկայ ենթադրութիւններին ծանոթանալուց յետոյ, հակափաստարկներով դիմելու ենք Վճռաբեկ դատարան», ըսաւ ան։
Նշենք, որ Դաւիթ Տօնոյեան կը մեղադրուի առանձնապէս մեծ չափի վատնում կատարելու մէջ: ԱԱԾ-ի մէջ քննուող քրէական գործը կը վերաբերի ռազմամթերքի ձեռքբերման գործընթացին ենթադրեալ չարաշահումներուն: Ան կալանաւորուած է 30 Սեպտեմբերին:
11 Հոկտեմբերին Տօնոյեանի պաշտպանական խումբը յայտարարութիւն տարածած էր՝ նշելով, որ Դաւիթ Տօնոյեանը իրեն առաջադրուած մեղադրանքը չ'ընդունիր։