image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիոյ պատանիներու ազգային հաւաքականի նոր աստղերէն է պոլսահայ Շանթ Գազանճըն

Թուրքիոյ պատանիներու ազգային հաւաքականի նոր աստղերէն է պոլսահայ Շանթ Գազանճըն

Օրերս  Պոլսիսէն ուրախառիթ լուր մը ստացանք։ Հայկական համայնքի զաւակներէն պատանի  Շանթ  Գազանճըն միացած է Թուրքիոյ պատանիներու ազգային հաւաքականին։

Այս մասին «Արեւելք» կարդաց՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ ՝

Վերջին շրջանին յաճախ կը լսենք Շանթ Գազանճըի անունը։ Ան փոքր տարիքէն կը խաղար «Ֆէնէրպահչէ» ֆութպոլի ակումբի ենթակառոյցներուն մէջ եւ մարզական մեկնաբաններու կարծիքով ապագայ կը խոստանար որպէս բերդապահ։ Վերջերս ան ընտրուեցաւ մինչեւ 16 տարեկաններու ազգային խումբի բերդապահներէն մէկը եւ այդ հանգամանքով ունեցաւ անդրանիկ խաղը։

Իր մարզական կեանքը այլեւս դրուած է արհեստավարժ գետնի վրայ։ Շանթ Գազանճը 8 Մայիսին երկու տարի ժամկէտով համաձայնագիր ստորագրած է Քասըմփաշա ակումբի հետ։

Քանի մը օր առաջ, Շանթ Գազանճը նաեւ ազգային խումբի մարզաշապիկով, որպէս հիմնական բերդապահ մասնակցեցաւ Ուէլսի դէմ խաղին։ Այս մրցումը կը կայանար Լեհաստանի մէջ, ՈՒԷՖԱի զարգացման մրցաշարքի շրջագծով։ Խաղը վերջացաւ 5-0 արդիւնքով ի նպաստ Թուրքիոյ դեռահասներու ազգային խումբին։ Շանթ խաղի սկիզբէն մինչեւ վերջ մնաց դաշտին վրայ։

Կը շնորհաւորենք Շանթ Գազանճըն եւ նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք իրեն։ Կը շնորհաւորենք նաեւ ծնողներն ու բոլոր հարազատները։