Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած է Իսթանպուլի Պայրամփաշայի համայնքապետարանի ղեկավար Հասան Մութլուն:
Թրքական լրատուամիջոցներու տեղեկութիւններու համաձայն՝ փտածութեան գործի շրջածիրէն ներս ձերբակալուած է եւս 47 մարդ:
Տարուան սկիզբէն ձերբակալուած էին Իսթանպուլի քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուն եւ Թուրքիոյ այլ համայնքներու ղեկավարներ: