image

Թուրքիոյ Կոտորակումը Սկսած է. Գէորգ Եազըճեան

Թուրքիոյ  Կոտորակումը  Սկսած է. Գէորգ Եազըճեան

 Հայաստան-   «Թուրքիոյ պետութեան  կոտորակումը սկիզբ առած է» «Արեւելք»ին յայտնեց  հրապարակախօս Գէորգ Եազըճեան: Եազըճեան  ըսաւ, որ այդ   կատորակումը կրնայ    երկար  ժամանակ տեւել բայց եւ այնպէս նման  փոփոխութիւններու հետ կապուած  ժամանակը մեծ նշանակութիւն չունի:  Եազըճեան   ըսաւ, որ   հայութիւնը  այս փոփոխութիւններուն  ընդառաջ   բնաւ պատրաստ չէ եւ  զինք մտահոգողը   Թուրքիոյ մէջ     հաւանական  փոփոխութիւնները չեն,  այլ մեր  ժողովուրդին պատրաստուած չըլլալն է:  Եազըճեան    խօսելով Թուրքիոյ   վերջին զարգացումներուն  վերաբերեալ  Հայաստանի իշխանութիւններուն  ունեցած կեցուածքին մասին նշեց,  «Որ իշխանութիւնները մինչեւ այս պահը    յստակ դիրքորոշում եւ կեցուածք չունին  Թուրքիոյ մէջ  գրանցուող   զարգացումներուն  վերաբերեալ  եւ   այդ մէկը  կը վերագրուի  իշխանութիւններուն  բացորոշ թուլութեամբ»: Պատասխանելով «Արեւելք»  այն  հարցումին, որ արդեօ՞ք ISIS            վտանգ կը սպառնայ Հայաստանին, Եազըճեան   պատասխանեց ոչ,   ըսելով նաեւ, որ«   Մինչեւ այս պահը այդպիսի սպառնալիք չկայ բայց եթէ արեւմուտքի  մօտ Ռուսիան մասնատելու ծրագիր կայ, ապա այդ ծրագիրը կրնայ  սկիզբ առնել հարաւային Կովկասէն  եւ այդ պարագային իսլամական     ահաբեկչական խմբաւորումներ  կրնան աշխուժանալ հարաւային Կովկասի մէջ:   Եազըճեան նաեւ յիշեցուց, որ  ISIS-ի  համար ամէնէն կենսական  հարցը   նաւթի տիրանալն է եւ  բարեբախտաբար      Հայաստան   նաւթ չունի , հետեւաբար   «մեր երկիրը հեռու է այդ ահաբեկչական խմբաւորման վտանգներէն» ըսաւ Եազըճեան: Մեր խօսակիցը  մէջբերելով պատմաբան Գեղամ  Պատալեանի      մօտեցումը,  ուր հեղինակը աշխատութիւն մը պատրաստելով  եւ խօսելով յատկապէս        1909 թուականի   Ատանայի  արհաւիրքներուն  մասին  մատնաշած է,   որ  Օսմանեան  զօրքերը  առաջին հերթին կ'ուզէին  տիրապետել     երկաթուղեգիծներուն մօտ եղող   շրջաններուն: Եազըճեան  նաեւ նշեց, որ  այսօր  նաւթը փոխարինած է անցեալին   ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող    երկաթուղեգիծները: Եազըճեան աւարտին    յայտնեց, որ Հայաստան   այսօր    համեմատաբար ապահով  է,  որովհետեւ   նաւթատար խողովակներ չեն անցնիր իր հողերէն  եւ ոչ ալ նաւթային պաշար ունի, որ  ISIS-ին համար թիրախ հանդիսանայ: Լուսանկարը ՝  «Արեւելք»ին: