Թուրքիան, հաւատարիմ իր մշտական գործելաոճին, Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցութիւններուն մէջ բանագնաց նշանակած է Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման գործին մէջ մեծ աշխատանք իրականացուցած Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ նախկին դեսպան Սերտար Քըլըճը։ Այս մասին ըսաւ թրքագէտ Անդրանիկ Իսփիրեանը։
Թորքագէտին խօսքով՝ Թուրքիոյ կողմէ նշանակուած բանագնացը լուրջ ազդակ պէտք է ըլլայ Հայաստանի իշխանութիւններուն համար, քանի որ ան դեռեւս 2014–ին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ նշանակուած էր ԱՄՆ-ի մէջ դեսպան՝ կանխելու Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հետ կապուած գործընթացները։
«Այսինքն, Թուրքիան բանագնաց է նշանակել Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ փրոֆեսինոալ պայքար մղած, ԱՄՆ–ում հակահայկական ցոյցեր կազմակերպած, ԱՄՆ Գոնկրեսում Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչող բանաձեւերի ընդունման դէմ պայքարած եւ հակահայկական գործունէութիւն ծաւալող ԱՄՆ Գոնկրեսի թուրք լոպպիստներին համակարգած դիւանագէտին», նշեց Իսփիրեանը՝ շեշտելով, որ փաստացի Թուրքիան այս նշանակումով բացայայտ ցոյց կու տայ, թէ ինչ գծով պիտի ընթանայ հայ–թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը։