Օրերս ահռելի ոճիր մը ցնցած է Թունիզի մայրաքաղաքը: Այր մարդ մը սպաննած է կինը, երկու զաւակները, ապա անձնասպան եղած:
Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ Sky News Arabia կայքէն:
Աղբիւրը վկայակոչելով թունիզեան լրատուամիջոցները նշած է, թէ ոճրագործութիւնը տեղի ունեցած է Թունիզ մայրաքաղաքի կեդրոնը՝ Փարտու շրջանին մէջ:
Աղբիւրը նշած է նաեւ, թէ ըստ նախնական տուեալներուն, յանցագործը եղած է արուեստագէտ- կատարող եւ նուագած է երաժշտական խումբերէն մէկուն մէջ: Ան իրենց բանակարանին մէջ կրցած է դանակել իր կնոջ, որ համալսարանի դասախօսուհի էր ու երկու զաւակները, որոնցմէ մէկը դեռ նոր շրջանաւարտ եղած էր երկրորդական դպրոցէն, ապա նոյն դանակով անձնասպան եղած:
Ընտանիքի անդամ է նաեւ իրենց դուստրը, որ ինչ ինչ պատճառներով ոճրագործութեան պահուն չէ գտնուած բնակարանէն ներս ու հրաշքով մը փրկուած է հաստատ մահէ:
Աղբիւրը չէ նշած յաւելեալ մանրամասնութիւններ, եւ տակաւին քրէական գործ կը յարուցուի այդ ուղղութեամբ: Պարզուած է նաեւ, որ անձասպան եղած մարդը կը տառապէր հոգեկան խանգարումներէ եւ կը գտնուէր ծանր վիճակի մէջ: