image

Թունիզ. Ահռելի ոճրագործութիւն մը մայրաքաղաքին մէջ

 Թունիզ. Ահռելի ոճրագործութիւն մը մայրաքաղաքին մէջ

 Օրերս  ահռելի ոճիր  մը ցնցած է Թունիզի մայրաքաղաքը: Այր մարդ մը սպաննած է կինը, երկու զաւակները, ապա անձնասպան եղած:

Այս մասին  «Արեւելք» կը տեղեկանայ Sky News Arabia կայքէն:

Աղբիւրը վկայակոչելով թունիզեան լրատուամիջոցները նշած է, թէ ոճրագործութիւնը տեղի ունեցած է Թունիզ մայրաքաղաքի կեդրոնը՝ Փարտու շրջանին մէջ: 

Աղբիւրը նշած է նաեւ, թէ ըստ նախնական տուեալներուն, յանցագործը   եղած  է  արուեստագէտ-  կատարող եւ նուագած է երաժշտական խումբերէն մէկուն մէջ: Ան իրենց բանակարանին մէջ կրցած է դանակել իր կնոջ, որ համալսարանի դասախօսուհի էր ու երկու զաւակները, որոնցմէ մէկը դեռ նոր շրջանաւարտ եղած էր երկրորդական դպրոցէն, ապա նոյն դանակով անձնասպան եղած: 

Ընտանիքի անդամ է նաեւ իրենց   դուստրը, որ ինչ ինչ պատճառներով ոճրագործութեան պահուն չէ գտնուած բնակարանէն  ներս ու հրաշքով մը փրկուած է հաստատ մահէ:

Աղբիւրը չէ նշած յաւելեալ մանրամասնութիւններ, եւ  տակաւին քրէական գործ կը յարուցուի այդ ուղղութեամբ:  Պարզուած է նաեւ,  որ անձասպան եղած  մարդը կը տառապէր հոգեկան խանգարումներէ եւ կը գտնուէր ծանր վիճակի մէջ: