image

Թրքական խումբ մը «Նոյեան տապան»ը կ՚որոնէ

Թրքական խումբ մը «Նոյեան տապան»ը կ՚որոնէ

Իսթանպուլի ճարտարարուեստի համալսարանի (İTÜ) եւ Իպրահիմ Չեչենի անուան Աղրիի համալսարանի (AİÇÜ) խումբը սկսած է որոնումները Արարատ լերան վրայ (թրքերէն՝ Աղրի), ուր, ըստ աւանդութեան, կը գտնուի Նոյեան տապանը:

Խումբի կողմէ, որու կազմի մէջ են երկրաբնագիտութեան, տարրաբանութեան եւ երկրահնէաբանութեան մասնագէտներ, մեծ թուով հողի նմուշներ եւ ժայռերու բեկորներ վերցուած են եւ ուղարկուած տարրալուծարաններ՝ փորձաքննութեան համար:

«Փորձագէտներու հետազօտութիւնները, հաւանաբար, մէկուկէս-երկու ամսէն պիտի աւարտին։ Այս արդիւնքներու հիման վրայ մենք պիտի սահմանենք ճանապարհային քարտէզ»,-ըսած է համալսարանի փոխտնօրէն, փրոֆեսոր Ֆարուք Քայան, հաղորդած է Hurryiet Daily News-ը:

Քննիչ-ճարտարապետ Իլհան Տուրուփինարը յայտնաբերած է աւերակներ, որոնք գրաւած են տեղացի եւ օտարերկրեայ զբօսաշրջիկները։

«Տարածաշրջանը շատ մեծ ներուժ ունի հովհարային զբօսաշրջութեան համար, քանի որ աղբիւրներու մեծ մասը ուշադրութիւն կը դարձնէ Աղրի լերան եւ անոր շրջակայքի վրայ»,- նշած է Քայան:

Քայան աւելցուցած է, որ 2018 թուականին Հոնքոնկէն խումբ մը հետազօտողներ բարձրացած են Արարատ լեռ։ Անոնք յայտարարած են, որ գտած են քարանձաւ եւ տախտակներ, որոնք, ըստ անոնց, կը պատկանին Նոյեան տապանին: Թէեւ գտածոները վիճելի են, անոնք Հոնքոնկի մէջ կառուցած են Նոյեան տապանի թանգարան եւ ընդունած են աւելի քան 7 միլիոն այցելուներ, բացատրած է ան՝ խօսելով կրօնական զբօսաշրջութեան տեսակէտէ իր նպատակի մասին:

Առաջինը եւրոպացիները սկսած են հետախուզութիւնները այս տարածքին մէջ, նշած է Քայան՝ նկատի ունենալով Եոհան Եաքոպ Ֆրիտրիխ Վիլհելմ Փարոթին, որ 1829 թուականին բարձրացած է լերան գագաթը՝ Նոյեան տապանի մնացորդներ փնտռելով:

«Որպէս համալսարան մեր նպատակն է բացայայտել այս ներուժը, այս վայրը վերածել կրօնական զբօսաշրջութեան կեդրոնի եւ աշխուժացնել Աղրիի եւ մեր երկրի տնտեսութիւնը»,- աւելցուցած է ան:

Կախուած արդիւնքներէն, հետազօտութիւնները պիտի շարունակուին լերան աւերակներուն մէջ, Թելչեքեր եւ Ուզենկիլի գիւղերուն մէջ, իսկ գարնան՝ երկու համալսարաններու միջեւ նոր հանդիպումներ տեղի պիտի ունենան։