image

Թրամփ հրամայած է միջուկային երկու սուզանաւ տեղակայել՝ ի պատասխան Մետվետեւի յայտարարութիւններուն

Թրամփ հրամայած է միջուկային երկու սուզանաւ տեղակայել՝ ի պատասխան Մետվետեւի յայտարարութիւններուն

Տանըլտ Թրամփ, ռուսական Անվտանգութեան Խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւի յայտարարութիւններուն լոյսին տակ, հրամայած է տեղակայել երկու միջուկային սուզանաւ «համապատասխան շրջաններուն» մէջ։

Աւելի վաղ, Մետվետեւ գրառում կատարած էր՝ յիշեցնելով Ուաշինկթընին ռուսական միջուկային զսպման համակարգին մասին։ ԱՄՆ նախագահը նշած է, որ սուզանաւերու տեղակայման հրամանը տուած է այն պարագային համար, եթէ պարզուի, որ Մետվետեւի «սադրիչ յայտարարութիւնները աւելի են, քան պարզ խօսքեր»։

«Յոյս ունիմ, որ հարցը այդ կէտին պիտի չհասնի»,– գրած է Թրամփը Truth Social-ի իր էջին վրայ։ Սպիտակ Տան ղեկավարը չէ յստակեցուցած, թէ ուր պիտի տեղակայուին սուզանաւերը, սակայն նշած է, որ անոնք աւելի մօտ պիտի ըլլան Ռուսիոյ սահմաններուն։

«Ամերիկացիներուն դէմ սպառնալիք հնչած է։ Ուստի պէտք է պաշտպանենք մեր ժողովուրդը։ Մենք պատրաստ ենք»,– աւելցուցած է Թրամփը։

Թրամփի այս հրապարակումէն առաջ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած էր, որ Մոսկուան կը համաձայնի Սպիտակ Տան այն դիրքորոշման հետ, ըստ որուն՝ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ուղիղ ռազմական բախում չի կրնար պատահիլ։ Սերկէյ Լաւրով նաեւ նշած է, որ Մոսկուան եւ Ուաշինկթընը կը շարունակեն քննարկումները ուքրանական հարցին շուրջ, եւ այդ բանակցութիւնները, ըստ դիւանագէտին, արդիւնք կու տան։