image

«Թալեպան» կը խօսի, փորձառութեան, հասունութեան եւ եղափոխութեան մասին...

«Թալեպան» կը խօսի, փորձառութեան,   հասունութեան եւ  եղափոխութեան  մասին...

 

«Մեր երկիրը իսլամական երկիր է, Բայց երբ խօսքը կը վերաբերի փորձին, հասունութեան եւ տեսլականին, անշուշտ որ , այսօր  հսկայական տարբերութիւն կայ  20 տարի առաջուայ մեր հայեացքներուն միջեւ»։

 

 

«Թալեպան» շարժումի  խօսնակ Զապիհալլահ Մուճահէտ  յայտարարած է, որ Աֆղանիստանի հողը պիտի չօգտագործուի որեւէ մէկուն դէմ, եւ որ շարժումը հաշիւներ պիտի չմաքրէ որեւէ կողմի հետ: 

Մուճահէտ նաեւ ըսած է, թէ օտարերկրեայ պետութիւններու հաշւոյն աշխատած աֆղանիստանցիներուն՝ թարգմանիչներ    կամ տարբեր մակարդակի գործիչներ   թիրախ   պիտի  չդարձուին։ 

Ինչ կը վերաբերի օտար երկիրներու դեսպանատուներուն, Մուճահէտ ըսած է թէ «անոնք ապահով են եւ դիւանագիտական ներկայացուցիչները թող չմտահոգուին»: 

«Թալեպան»ի խօսնակը նաեւ  նշած է, որ երկիրը անվտանգ է, եւ օրըստօրէ աւելի անվտանգ պիտի դառնայ, եւ իրենք չեն ուզեր, որ որեւէ մէկը լքէ Աֆղանիստանը։

Մուճահէտ աւելցուցած է, որ իսլամական «շարիաթ»ի օրէնքներով կանայք կ'ունենան իրենց իրաւունքները, եւ արտօնութիւն աշխատելու։

«Մեր երկիրը իսլամական երկիր է, ըլլայ 20 տարի առաջ կամ հիմա։ Բայց երբ խօսքը կը վերաբերի փորձին, հասունութեան եւ տեսլականին, անշուշտ, հսկայական տարբերութիւն կայ այժմ եւ 20 տարի առաջուայ մեր հայեացքներուն միջեւ։ Ուրիշ են նաեւ այն գործողութիւնները, զորս մենք կը պատրաստուինք ձեռնարկել։ Այս եղափոխութեան գործընթաց է», – ըսած է Մուճահէտ։

Ապա խօսնակը կոչ ուղղած է միջազգային հանրութեան օժանդակելու երկիրը նիւթապէս, որպէսզի վերջ դրուի թմրանիւթերու ապօրինի վաճառականութեան: 

 

 

Լուրը՝ Sky news Arabia