«Թալեպանի» անվտանգութեան ծառայութիւնը յայտարարած է, որ Մազարի Շարիֆի մէջ մահապատիժի ենթարկած են երեխաներու առեւանգմամբ զբաղող խմբաւորման եւ ազատ արձակած են չորս մանկահասակ երեխաներ: Այս մասին 13 Սեպտեմբերին յայտնած է aamaj News գործակալութիւնը։
Յատուկ գործողութիւնը տեղի ունեցած է լոյս երկուշաբթի գիշերը։ Առեւանգողները, իբր, եղած են 4 աֆղան տղամարդ եւ ուզպէք կին։ Անոնց տեղւոյն վրայ գնդակահարած են։
Իր հերթին, նախօրէին գիշերը քանի մը աֆղանական ցանցային ԶԼՄ-ներ հաղորդած են Մազարի Շարիֆի մէջ խոշոր բախման մասին: Ինչպէս կ'ենթադրէին լրագրողները, այդ կրնար ըլլալ թալեպներու մարտը այլ զինեալներու հետ։
Ընդ որում, աֆղանցիները հրապարակած են ընկերային ցանցերու մէջ տեսանիւթ, թէ ինչպէս երկրի տարբեր տարածաշրջաններու մէջ կ'առեւանգեն մարդոց եւ հաշուեյարդար կը տեսնեն։ Սկսած են նաեւ կանանց հրապարակային ծեծերը։ Սակայն տեղի ունեցածը պարզաբանող պաշտօնական հաղորդագրութիւններ չկան։