Տէր Զօրի երեխաները «կորսնցուցած» են իրենց պատանեկութիւնը: Անոնց ուսերուն դրուած են ծանր պարտականութիւններ ու ճաշակած են պատերազմի դառնութիւնները: Այս բոլորով հանդերձ Տէր Զօրի երեխաները չեն դժգոհիր: Շրջափակումը սպաննած է անոնց աչքերու անմեղութեան փայլքը, սակայն փոքր ժպիտը, եւ աչքերուն մէջ քարացած յոյսի արցունքը բաւարար է հասկնալու համար այդ փոքր հրեշտակներուն վիճակը:
12-ամեայ Ֆուատը, որու նայուածքին մէջ ուրախութիւնն ու տխրութիւնը իրար խառնուած են, «Սփութնիք»ի լրագրողին ըսած է .«Այսօր ես ուրախ եմ պաշարումէն ազատուելուն համար, եւ միաժամանակ տխուր եմ, քանի որ իմ հայրս, որ սպաննուած է «Տահէշ»ի դիպուկահարներուն կողմէն, այլեւս մեզի հետ չէ: Ան մեզի կ'ըսէր մեր հողը իրենց պիտի չյանձնենք, մենք պատերազմէն եւ «Տահէշ»ի ահաբեկիչներէն վախցողը չենք, մենք կ'ուզենք մեր երկիրը դառնայ առաջուան նման, որպէսզի վերադառնանք մեր տունն ու դպրոցը»:
Իսկ 8-ամեայ գեղադէմ Սուհան ըսած է. «Եթէ մենք վախնայինք, շատոնց մեռած կ'ըլլայինք: Մենք՝ Տէր Զօրի երեխաներս, ապագայի երիասարդները, մեր քաղաքին մէջ պիտի մնանք մինչեւ վերջ», -աւելցնելով. «Այս շրջափակումէն ազատումը մեզի խոստացուած էր բանակին կողմէն, մենք ալ իրենց խոստացած ենք չվախնալ եւ աշխատասէր ըլլալ ու լաւ սորվիլ»:
Ապտալլան, որուն հօրենական տունը փլատակ դարձած է եւ զոհուած են մայրն ու նորածին եղբայրը, խօսելով նոյն աղբիւրին ըսած է.«Երբ մեծնամ կ'ուզեմ ճարտարապետ դառնալ, որպէսզի վերակառուցեմ մեր քաղաքը, որպէսզի կեանքը վերադառնայ պատերազմէն առաջ եղած վիճակին: Շատ կը կարօտնամ մօրս եւ եղբօրս՝ Ահմատին. «Տահէշ»ի արձակած հրթիռներուն պատճառով մեր տունը քանդուեցաւ եւ մայրս ու եղբայրս զոհուեցան»:
Ապտալլա շարունակած է. «Շատ երեխաներ զոհուեցան հռթիռներու հետեւանքով, որոնք կ'արձակուէին «Տահէշ»ի կողմէ, ինչպէս նաեւ շատեր մահացան սովի պատճառով. Երեք տարիէ ի վեր մենք թխուածքներ (պիսքուիթ) կամ տուրմ (շոքոլա) չենք կերած, մենք չենք կրցած խաղալու եւ սորվելու մեր իրաւունքը վայելել: Ով կը հիւանդանայ, դեղ չի գտներ բուժումի: Այսօր սակայն աւելի լաւ են պայմանները շրջափակումի վերացումէն ետք, արդէն կրնանք վերադառնալ դպրոց, խաղալ, ուտել, բայց ես տխուր եմ, քանի որ մայրս ու եղբայրս մեզի հետ չեն»:
Ֆուատը, Սուհան եւ Ապտալլան Տէր Զօրի երեխաներու օրինակներն են, որոնք ազատեցան շրջափակումէն, որոնք մանկութեան եւ երիտասարդութեան բաժանող գիծը հատեցին, դառնալով մեծ տղաք՝ փոքր տարիքով եւ անմեղ սրտերով: