image

Սուրբ Պատարագ Կիպրոսի թրքական հատուածին մէջ

Սուրբ Պատարագ Կիպրոսի թրքական հատուածին մէջ

Յառաջիկայ Կիրակի օր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ պիտի մատուցուի  Կիպրոսի թրքական կողմին մէջ գտնուող Հայց. Առաքելական  Սրբ. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։

Տարբեր առիթներով եղած են նման կրօնական արարողութիւններ, սակայն վերջին ժամանակներուն  եւ մասնաւորապէս «Քովիտ» համավարակի  տարածումէն ի վեր այս առաջին անգամն է, որ նման արարողութիւն պիտի կատարուի։

Նշենք, որ  «Արեւելք» այս մասին տեղեկացաւ Կիպրոսի Ազգային Առաջնորդարանէն, որ նաեւ հաղորդած է, թէ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը պիտի մատուցանէ Կիպրոսի Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանը։

Ստորեւ կը ներկայացնենք  Առաջնորդարանի դիւանին կողմէ այս առթիւ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը։

Առ ի տեղեկութիւն մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, կ՛ուզենք յայտնել թէ ընդառաջելով մեր կատարած դիմումին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ 40-ամեակի առիթով պատարագ մատուցելու Վիքթորիա փողոցի պատմական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, այս առաւօտ պաշտօնապէս պատասխան ստացանք, որ մեր դիմումը ընդունուած է:

Հետեւաբար նկատի ունենալով պատասխանին այսօր ստանալը եւ միւս կողմէ հոգեհանգիստները, այս Կիրակի, 28 Նոյեմբեր 2021-ին, Նիկոսիոյ մէջ պիտի պատարագէ Արժ. Տ. Մոմիկ Քհնյ. Հապէշեանը, իսկ Վիքթորիա փողոցի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանը, առաւօտեան ժամը 9:30-11:00: 

Պատարագին ներկայ պիտի ըլլան օտար անձնաւորութիւններ: Բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին ներկայ գտնուիլ պատարագին, կը խնդրուի մինչեւ Շաբաթ, առաւօտեան ժամը 10, կապ հաստատեն Ազգային Առաջնորդարան հեռաձայնելով 22 493560 թիւին: 

Ծանօթ. Կը խնդրուի յարգել կիպրա-թրքական երկու կողմերու սահմանած օրէնքները «Քորոնա» համավարակի առնչութեամբ, որպէսզի սահման անցման պահուն արգելքներու կամ դժուարութեան չի հանդիպին: