Ստեփանակերտի նախկին քաղաքապետ Դաւիթ Սարգսեանը կալանաւորուած է 20 օր ժամկէտով։ Այս մասին իր դիմատետրեան էջին գրած է փաստաբան Ռուբէն Մելիքեանը։
«Արցախցիների նկատմամբ դիակապտութեանը միանում են նոր գործող անձինք։ Դատաւոր Մարտին Արզումանեանը Ստեփանակերտի քաղաքապետին կալանաւորեց 20 օր ժամկէտով»,– գրած է ան։
Նշենք, որ իրաւապահները խուզարկած էին Ստեփանակերտի քաղաքապետ Դաւիթ Սարգսեանի տունը։
Քննչական Կոմիտէն յայտնած է, որ Դ.Ս.-ն (կը նոյնականացուի որպէս Դաւիթ Սարգսեան), խումբի կազմի մէջ կատարած է առանձնապէս խոշոր չափերով խարդախութիւն, ինչպէս նաեւ կեղծ փաստաթուղթեր պատրաստած է ու 3 անձի հետ օգտագործած ատոնք։