Շուէտի խորհրդարանի շէնքի առջեւ այրած են Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի խրտուիլակը: Թրքական լրատուամիջոցները կը գրեն, թէ ոստիկանութիւնը պարզապէս հետեւած է միջադէպին: Նշուած է, որ արշաւը կազմակերպած են Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան կողմնակիցները:
Յիշեցնենք, որ Շուէտը կը սպասէ ՆԱԹՕ-ին անդամակցութեան յայտի վաւերացման Անգարայի կողմէ:
ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Ենս Սթոլթընպըրկ աւելի վաղ յայտարարած էր, որ այս տարուան աշնան Թուրքիոյ խորհրդարանի նիստերու վերսկսումէն ետք դաշինքին Շուէտի անդամակցութեան վաւերացման հարցով առաջընթաց կ'ակնկալուի: