image

Էրտողանի հետ քննարկում. Թեման Ֆինլանտայի եւ Շուէտի ՆԱԹՕ-ի անդամութեան հարցն է

Էրտողանի հետ քննարկում. Թեման Ֆինլանտայի եւ Շուէտի ՆԱԹՕ-ի  անդամութեան հարցն  է

ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար՝ Ենս Սթոլթընպըրկ յայտնած է, որ Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռեճեպ Թայէպ Էրտողանի հետ քննարկած է Ֆինլանտայի եւ Շուէտի՝ ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու յայտերը:

Ըստ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին, Սթոլթընպըրկ թուիթըրեան իր պաշտօնական էջով հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշած է, որ հարցը Էրտողանի հետ քննարկած է հեռախօսազրոյցի միջոցով: Ան տեղեկացուցած է, որ պայմանաւորուած են բանակցութիւնները շարունակել յաջորդ շաբաթ Պրիւքսէլի եւ Մատրիտի մէջ:

Ֆինլանտա եւ Շուէտ ՆԱԹՕ-ին անդամակցութեան յայտ ներկայացուցած են 18 Մայիսին: