image

Շուէտի խորդրանաին առջեւ այրած են Էրտողանի խրտուիլակը

Շուէտի խորդրանաին առջեւ այրած են Էրտողանի խրտուիլակը

Շուէտի խորհրդարանի շէնքի առջեւ այրած են Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի խրտուիլակը: Թրքական լրատուամիջոցները կը գրեն, թէ ոստիկանութիւնը պարզապէս հետեւած է միջադէպին: Նշուած է, որ արշաւը կազմակերպած են Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան կողմնակիցները:

Յիշեցնենք, որ Շուէտը կը սպասէ ՆԱԹՕ-ին անդամակցութեան յայտի վաւերացման Անգարայի կողմէ:

ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Ենս Սթոլթընպըրկ աւելի վաղ յայտարարած էր, որ այս տարուան աշնան Թուրքիոյ խորհրդարանի նիստերու վերսկսումէն ետք դաշինքին Շուէտի անդամակցութեան վաւերացման հարցով առաջընթաց  կ'ակնկալուի: