image

Շոլց անդրադարձած է Էլոն Մասքի ձեռքի շարժումին՝ «Ժեստ»ին

Շոլց անդրադարձած է Էլոն Մասքի ձեռքի  շարժումին՝ «Ժեստ»ին

SpaceX, Тesla ընկերութիւններու գործադիր տնօրէն եւ ԱՄՆ կառավարութեան արդիւնաւէտութեան բաժանմունքի ղեկավար Իլոն Մասքը մեկնաբանած է Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի խօսքերն իր՝ ԱՄՆ նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի երդմնակալութեան արարողութեան ժամանակ «նացիստական ​​ողջոյն» յիշեցնող «ժեստ»ի մասին։

«Եւրոպայի, Գերմանիոյ մէջ կայ խօսքի ազատութիւն, իւրաքանչիւրը կրնայ ըսել այն, ինչ կ՚ուզէ, նոյնիսկ եթէ միլիառատէր է։ Բայց մենք չենք ընդունիր, եթէ խօսքը ծայրայեղ աջ ուժերուն աջակցութեան մասին է»,-ըսած է Օլաֆ Շոլցը՝ խօսելով ամերիկացի գործարարի «ժեստ»ի մասին։ 

Ասոր ի պատասխան Մասքը X էջին գրած է.«Ամօ՛թ քեզի, Օաֆ Շից»: «Oaf» բառն անգլերէնէ կարելի է թարգմանել որպէս «հիմար», իսկ «շից» բառը ուղղագրութեամբ մօտ է «շիթ» («կղանք») բառին։

Իլոն Մասքը յունուար 21-ին ելոյթ ունենալով ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի երդմնակալութեան ժամանակ, երկու անգամ բեմէն «նացիստական ​​ողջոյն» յիշեցնող «ժեստ» ըրած է։ Այս «ժեստ»ը գրաւած է միջազգային լրատուամիջոցներու եւ քաղաքական գործիչներու ուշադրութիւնը։ Մասքը նշած է, որ «դուք բոլորդ Հիթլերներ էք» ոգիով մեղադրանքներն արդէն շատ հինցած են։