«Չէինք ծրագրած շատ երեխաներ ունենալ, որոշած էինք երկու երեխայ ունենալ: Բայց ամուսնութենէս ետք երբ երրորդ երեխաս ծնաւ, լսեցի Աստուածաշունչի մասին եւ ուզեցի ուսումնասիրել զայն: Ընթերցած ատեն հասկցայ Տիրոջ կամքը, նաեւ հայ քրիստոնեայ ընտանիքի մէջ երեխաներ ունենալը բարի բան է Հոգիիս մէջ մեծ բան փոխուեցաւ։ Երբ ծնաւ չորրորդս, եւ տեսայ իրար հետ կը խաղան, կարծես ներքին ձայն մը հարցուց, թէ ասոնցմէ որ մէկը պէտք չէր ծներ, դուն իրաւունք ունէ՞իր որ անոնցմէ մէկը չըլլար: Ապա ծնաւ հինգերրորդը, ինչքան կը շատնային այնքան ուրախութիւն կու գար, եւ որոշեցինք, որ այնքան որ Աստուած կու տայ, մենք ալ պիտի ունենանք»: Այսպէս պատմած է Վլատիմիր Քեսաբլեան իր բազմազաւակ ընտանիք ունենալու մասին:
Քեսաբլեան ընտանիքը ունի 10 երեխայ, մեծը 18 տարեկան Յովհաննէսն է, արդէն կը պատրաստուի բանակ երթալու նաեւ կ'ուսանի , երկրորդը 11 տարեկան Էլենան է, իսկ ամէնէն փոքրը 2 ամսական է: «Իւրաքանչիւր երեխայ որ կը ծնի իւրայատուկ է» ըսած է հայրը:
Իսկ ընտանիքի մայրը՝ Ռոզա Պապոյեան ըսած է,- «Անձամբ մենք մեծ ընտանիք ենք, 5 քոյր եւ մէկ եղբայր, եւ որոշած էի երկու զաւակէն աւելի չունենալ, բայց Աստուած սիրտս փոխեց կ'երեւի եւ հիմա արդէն կողմնակից եմ բազմազաւակ ընտանիքին»:
Անդրադառնալով երեխաներուն մէջ խտրականութեան մայրը ըսած է թէ զինուոր պահողը աղջիկներն են, իսկ հայրը ափսոսալով որ կան հայ ընտանիքներ, որոնք կը սպաննեն պտուղը երբ իմանան որ աղջիկ է ըսած է «Ես կ'ուզեմ որ ոչ մէկ երեխայ մահանայ մեր հայրենիքին մէջ, թող մեր ազգը աճի բարգաւաճի»:


Ընտանիքի հօր կարծիքով դժուարութիւնները ընտանիքներուն համար են, այն ընտանիքը որ դժուարութիւն չի տեսներ շուտ կը քանդուի: Իր ընտանիքը յաղթահարած է բազում դժուարութիւններ, զիրար մխիթարելով, յորդորելով եւ օգնելով: Մայրն ալ արդէն վարժ իր կեանքի առօրեային որեւէ դժուարութենէ չտառապիր, այնքան ատեն որ երեխաները առողջ են, խելօք ու ինքնուրոյն:
Վլատիմիր իր բազմանդամ ընտանիքը կը պահէ աշխատելով սեփական հողամասին մէջ: Ան ունի Ծիրանի ծառեր, խաղողի այգի եւ այլն: «Ես գոհ եմ: Ես երբ ունեցած եմ երեխաներ չեմ ուզած բեռ դառնալ մէկուն եւ ըսել ինծի օգնէ: Ճիշդ է հաճելի է զգալ որ կառավարութեան կողմէ ուշադրութիւն կայ, եւ որպէս բազմազաւակ ընտանիք արտօնութիւններ կան, բայց ես չեմ հետաքրքրուած: Ես չեմ մտածեր 2-3 տարի յետոյ ինչ պիտի ըլլայ, այսօր ես ամէն ինչ ունիմ, իմ երեխաներս ալ որեւէ բանի կարիքը չունին»:
«Մեր հայ ազգին պէտք են շատ զաւակներ: Իսլամները անընդհատ կը բազմանան իսկ մեր քրիստոնեայ ազգը հետզհետէ կը քիչնայ: Պատճառը ընկերային մտահոգութիւններն են, բայց հաւատացէք պէտք չէ վախնալ, ամէն բան ինք իրեն կը դասաւորուի: Երբ որ դուն սիրով կ'ընես բան մը, հեշտ կ'ըլլայ քու համար ամէն ինչը»,- եզրափակած է Քեսաբլեան:
Նիւթը ՝«Սիվիլնէթ»էն
«Արեւելք»ի համար վերծանեց՝ Թ.Գ.