image

Սեւանայ լիճին շուրջ ատրպէյճանցիներ չկան

Սեւանայ լիճին շուրջ ատրպէյճանցիներ չկան

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը մեկնաբանած է ատրպէյճանցիներու հրապարակած այն տեսանիւթը, թէ իբր իրենք հաստատուած են Սեւանայ լիճէն ուղիղ գծով 5 քմ հեռաւորութեան վրայ եւ բարձունք գրաւած:

«Արմէնբրես»-ի հետ զրոյցին, ՀՀ ՊՆ-էն ըսած են, որ թշնամին Սեւանէն ուղիղ գծով 30 քմ հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի:

«Նրանք ՀՀ տարածք չեն մտել եւ որեւէ բարձունք չեն գրաւել: Այն բարձունքը, որը երեւում է տեսանիւթում, գտնւում է սահմանագծի վրայ: Այդ սահմանագծի տարբեր հատուածներում, տարբեր բարձունքների վրայ մենք էլ ունենք դիրքեր ու մարտական հերթապահութիւն ենք իրականացնում»,- նշած են ՊՆ-էն: