Յիշեցնենք, որ գրեթէ 9 տարի Սեւակի ծնողները՝Կարապետ եւ Անի Պալըքճի դատարանէ դատարան վազելով հալումաշ եղած էին փնտռելով արդարութիւն անարգ կերպով սպաննուած Սեւակի դատին համար։
Օրերս տխուր լուր ստացանք Պոլսէն։
Ապրիլին եւ ողբերգականօրէն իր միակ որդւոյն Սեւակ Պալըքճիի սպանութեան օրը՝ 24 ապրիլին իր մահկանացուն կնքած է անոր հայրիկը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Պոլսէն։
Կը նշուի, որ Կարապետ Պալըքճի այդ օր կը պատրաստուէր Շիշլիի գերեզմանատուն այցելել յարգանքի տուրք մատուցելու 11 տարի առաջ Թուրքիոյ բանակին մէջ ծառայութիւն իրականացնող Սեւակ Պալըքճիի սպանութեան յիշատակին։
Կարապետ Պալըքճի, որ ունէր առողջական որոշ բարդութիւններ յանկարծամահ եղած է։
Յիշեցնենք, որ գրեթէ 9 տարի Սեւակի ծնողները՝Կարապետ եւ Անի Պալըքճի դատարանէ դատարան վազելով հալումաշ եղած էին փնտռելով արդարութիւն անարգ կերպով սպաննուած Սեւակի դատին համար։
Հանգուցեալի վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը տեղի ունեցած է Պոլսոյ հայաշատ Ֆէրիգիւղի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը ամփոփուած է Շիշլիի ընտանեկան դամբարանին մէջ։