image
Հրատապ լուրեր:

Ռուսաստանը պատրուակ կը փնտռէ Ուքրանիա ներխուժելու համար. Ամերիկացի գործիչ

Ռուսաստանը պատրուակ կը փնտռէ Ուքրանիա ներխուժելու համար. Ամերիկացի գործիչ

Սպիտակ տան խօսնակ Ճեն Սաքին ըսած է, թէ, ըստ ամերիկեան հետախուզական կառոյցներուն հայթայթած տուեալներուն, Ռուսաստանի յատուկ ծառայութիւններու գործակալները կը նախապատրաստեն սադրիչ գործողութիւններ, որոնք հետագային հնարաւոր պիտի ըլլայ օգտագործել որպէս Ուքրանիոյ վրայ յարձակելու պատրուակ:

«Այդ ծրագրով, որ կը ներառէ սադրանքներ եւ ապատեղեկատուութեան տարածում, ռուսական կողմը կրնայ Ուքրանիան մեղադրել արեւելեան շրջանին մէջ ռուսամէտ անջատականներուն սպառնալու համար եւ վտանգը իբր կանխելու նպատակով լայնածաւալ ներխուժում կատարել Ուքրանիա», ըսած է Սաքին:

Անոր փոխանցմամբ, սադրիչ գործողութիւններուն կրնան մասնակցիլ Ռուսաստանի մէջ յատուկ վարժանքներու մասնակցած մարդիկ, որոնք պատրաստ են քաղաքային պայմաններու մէջ պայթուցիկներ կիրառել եւ շեղումներ իրականացնել Տոնպասի ռուսամէտ անջատականներու դէմ:

Աւելի ուշ, Փենթակոնի խօսնակ Ճոն Քիրպին հաստատած է, որ Պաշտպանութեան նախարարութիւնն ալ ունի ռուսերու կողմէ Ուքրանիոյ մէջ սադրանքներ նախապատրաստելու մասին տեղեկութիւններ:

«Չեմ կրնար հիմա ամբողջութեամբ բաց ըսել ամէն ինչ, բայց կայ իրողութիւն, որ նախկապէս ալ եղած է, երբ գոյութիւն չունի իրական ճգնաժամ, ռուսերը իրենց շահերէն ելլելով կրնան ճգնաժամ յօրինել», ըսած է Քիրպին: