Եւրոպական միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորել «անընդունելի» անուանած է անվտանգութեան երաշխիքներու տրամադրման վերաբերեալ Ռուսաստանի Դաշնութեան ներկայացուցած պահանջը:
«Դէպի արեւելք Եւրոմիութեան եւ ՆԱԹՕ-ի ընդարձակումը դադրեցնելու եւ անվտանգութեան երաշխիքներ տրամադրելու Ռուսաստանի ներկայացուցած պահանջները սոսկ ռուսական օրակարգէն են եւ բացարձակապէս անընդունելի են յատկապէս Ուքրանիոյ խնդիրին մէջ», ըսած է Պորել:
Անոր խօսքով՝ Մոսկուան այդ պահանջները ներկայացուցած է գրաւոր, ինչ որ նախապէս երբեւէ չէ եղած: «Այդպէս կ'ընեն միայն յաղթողները, որոնք կը յայտարարեն, թէ ասոնք են իմ պահանջներս», ըսած է Եւրոմիութեան դիւանագիտութեան ղեկավարը:
Պորելի պնդմամբ՝ կայանալիք բանակցութիւններուն պէտք է քննարկուին ոչ միայն Ուքրանիոյ հակամարտութեան կամ դէպի արեւելք ՆԱԹՕ-ի ընդարձակման, այլեւ 1975 թուականի Հելսինքեան եզրափակիչ ակտի ընդունումէն ի վեր կատարուած բոլոր խախտումները:
«Մենք համաձայն չենք արտաքին ասպարէզին մէջ Ռուսաստանի վարած քաղաքականութեան շատ հանգամանքներու, ինչպէս նաեւ այն դրուագներուն, որոնք Ռուսաստանը ներքին խնդիր կը համարէ», ըսած է Ժոզեփ Պորել:
Բացի այդ, ան քննադատած է Եւրոպայի անվտանգութեան հարցերը առանց Եւրոմիութեան քննարկելու Ռուսաստանի մտադրութիւնը: «Այդ անհեթեթութիւն է, մենք նման բան չենք ընդունիր», ըսած է Պորել՝ նշելով, որ եւրոպական անվտանգութիւնը եւ անոր երաշխիքները խնդիր են, որ կ'առնչուի ոչ միայն Միացեալ Նահանգներուն եւ Ռուսաստանին: