Ռուսաստանի Պետտումայի փոխխօսնակ Պորիս Չերնիշովն ըսած է, որ Ղազախստանի մէջ ամէն ինչ կ'ընթանայ «նարնջագոյն յեղափոխութեան» սենարով։ Այսպէս ան մեկնաբանած է Ղազախստանի մէջ կազի գինի թանկացման լոյսին տակ քաղաքացիներու բողոքի շարժումները։
«Նախ՝ մարդոց տնտեսական նկատառումներով՝ այս պարագային կազի թանկ գինը, հրապարակ հանելու պատճառ կը գտնեն։ Մարդիկ դուրս կու գան փողոց, կ'անցնի մէկ-երկու ժամ եւ արդէն առաջնագիծին քաղաքական կարգախօսներ ու կոչեր են», իր կարծիքը յայտնած է Չերնիշովը։
Ան յիշեցուցած է, որ վերջերս Սան Փեթերպուրկի մէջ կայացած է ԱՊՀ երկիրներու ղեկավարներու ոչ-պաշտօնական գագաթաժողովը։ Փոխխօսնակին խօէքով՝ այդ հաճելի չէ եղած Արեւմուտքին համար:
«Ի հարկէ, Ղազախստանի ղեկավարներուն միասնութիւնը, Մոսկուայի հետ համագործակցութեան հաւատարիմ մնալը Լոնտոնի եւ Ուաշինկթընի տարածաշրջանային կոմիտէներուն հաճելի չէր։ Եվ այդ տղաները պարապ չեն նստիր...», յաւելած է պատմագաւորը: