Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին յայտարարած է, որ Ռուսաստանը մերժած է Սուրբ Զատիկին զինադադար հաստատելու առաջարկը:
«Ցաւօք, Ռուսաստանը մերժեց Զատիկին զինադադար հաստատելու առաջարկը: Սա շատ լաւ ցոյց կու տայ, թէ այս պետութեան ղեկավարները ինչպէս կը վերաբերին քրիստոնէական հաւատքին` ամենաուրախ եւ կարեւոր տօներէն մէկուն: Բայց մենք կը շարունակենք յուսալ: Յոյս խաղաղութեան, յոյս, որ կեանքը պիտի յաղթէ մահուան», ըսած է Զելենսքին: