Ստեփանակերտի յարակից տարածքներէն ատրպէյճանական զինուժը, խախտելով հրադադարի մասին պայմանաւորուածութիւնը, կը կրակէ հրաձգային տարբեր զինատեսակներէ:
Կրակոցները լսելի են նաեւ մայրաքաղաքի կեդրոնին մէջ։ Արցախի ՆԳՆ-ն յորդորած է անվտանգութեան նկատառումներով մնալ ապաստարաններու մէջ:
«Իրավիճակի մասին յաւելեալ կը տեղեկացնենք»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։