Փաքիստան կը շարունակէ ռմբակոծել հնդկական դիրքերը՝ չնայած հրադադարին: Այս մասին յայտնած է Hindustan Times։
«Հնդկաստանի Հակաօդային պաշտպանութեան (ՀՕՊ) ուժերը ետ կը մղեն Սրինակար քաղաքի մօտակայքին վրայ օդային յարձակումները»,-յայտարարած է Ճամմու եւ Քաշմիրի Հնդկաստանի միութենական տարածքի գլխաւոր նախարար Օմար Ապտուլլահ։
Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած էր, որ Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւններէն յետոյ Հնդկաստանը եւ Փաքիստանը համաձայնութեան եկած են լիակատար եւ անյապաղ հրադադարի շուրջ։