Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հրադադարի խախտման դէպք արձանագրած են, նշուած է ԼՂ հակամարտութեան գօտիի ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի գործունէութեան մասին ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական տեղեկագրին մէջ։
«Շուշիի շրջանին մէջ ատրպէյճանական կողմը հրաձգային զինատեսակներէն կրակած է Լեռնային Ղարաբաղի զինուած կազմաւորումներու դիրքի ուղղութեամբ, որու հետեւանքով երկու անձ վիրաւորում ստացած է »,- նշուած է տեղեկագրին մէջ։
Հաղորդուած է նաեւ, որ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութիւնը ատրպէյճանական կողմին հետ միջադէպի հետաքննութիւն կ'իրականացնէ