image

Ռուս-ուքրանական բանակցութիւններու երկրորդ փուլը՝ Պելովէժեան անտառին մէջ

Ռուս-ուքրանական բանակցութիւններու երկրորդ փուլը՝ Պելովէժեան անտառին մէջ

Ռուսաստանի եւ Ուքրամիոյ պատուիրակութիւններու հանդիպումը պիտի կայանայ լեհ-պելառուսական սահմանին` Պրեսթի մարզի Պելովէժեան անտառին մէջ:

Հանդիպումէն առաջ Քրեմլինի խօսնակ Տմիթրի Փեսքով յոյս յայտնած էր, որ կողմերը յաջողին համաձայնութեան հասնիլ. «Բանակցութիւնները դրական կը համարուին, եթէ Ուքրանիան կատարէ իրավիճակը կարգաւորելու համար Վլատիմիր Փութինի բարձրաձայնած պահանջները»: Պաշտօնական Քիեւը նոյնպէս հաստատած է, որ պատրաստ է բանակցութիւններու երկրորդ փուլին, սակայն վերջնագրեր պիտի չընդունի: