image

Ռոպերթ Քոչարեան. «Պիտի շարունակենք պայքարը»

Ռոպերթ Քոչարեան. «Պիտի շարունակենք պայքարը»

Մենք պիտի շարունակենք պայքարը, բոլոր շինծու գործերը պիտի քանդուին, եւ կը վստահեցնեմ՝ ապօրինութիւն գործած պաշտօնեաները սեփական մաշկի վրայ պիտի զգան իսկական արդարադատութեան ուժը: Այս մասին ըսուած է «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ, երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի տարածած յայտարարութեան մէջ:

«Յարգելի հայրենակիցներ,

Արդարութիւնը վերականգնելու ճանապարհին այսօր կարեւոր քայլ արձանագրուեց. ազատ արձակուեցին «Հայաստան» դաշինքի՝ տեւականօրէն ապօրինի կալանքի տակ պահուող պատգամաւորներ Արմէն Չարչեանը, Մխիթար Զաքարեանը եւ Արթուր Սարգսեանը:

Ի սկզբանէ ակնյայտ էր, որ այս հետապնդումը որեւէ կապ չունի արդարադատութեան հետ: Սա այն ակնյայտ ապօրինութիւններից էր, որը հասկանալի էր անգամ իրաւաբանութիւնից գիտելիքներ չունեցողների, բայց ոչ՝ այսօրուայ դատախազութեան ու որոշ դատաւորների համար:

Միասնական, կազմակերպուած ու գրագէտ պայքարի արդիւնք էր ապօրինութիւնների այս շղթայի կոտրումը:

Մենք շարունակելու ենք պայքարը, բոլոր շինծու գործերը քանդուելու են, եւ վստահեցնում եմ՝ ապօրինութիւն գործած պաշտօնեաները սեփական մաշկի վրայ զգալու են իսկական արդարադատութեան ուժը», նշուած է յայտարարութեան մէջ: